ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 4 Յունիսին սկսած է «ՈՒԶԷՅՏ»ի նիւթական ներդրումով եւ Եւրասիայ համագործակցութեան հիմնադրամի ու Երեւանի մամուլի ակումբի կողմէ կազմակերպուած «Լրատուամիջոցներուն դերը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ» նիւթով կլոր սեղանը:
Քննարկման ընթացքին նախ ելոյթ ունեցած են Երեւանի մամուլի ակումբի փորձագէտ Միքայէլ Զոլեան, Եւրասիայ համագործակցութեան հիմնադրամի նախագահ Գէորգ Տէր Գաբրիէլեան եւ Պոլսոյ մշակոյթի համալսարանին կից Համաշխարհային քաղաքական զարգացումներու կեդրոնի ղեկավար Մենսուր Աքգիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած եւ աշխուժ մասնակցութիւն բերած են նաեւ հայ եւ թուրք լրագորղներէ բաղկացած խումբը, որոնք պասով Թուրքիոյ մէջ շրջագայելէ ետք եկած են Հայաստան։
Բաւական աշխոյժ քննարկումներէ ետք մասնակիցներուն մէկ մասը զարմանք արտայայտած է այն մասին, թէ ինչպէ՞ս այս քննարկումը զուգադիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Հայաստան կատարած այցելութեան հետ: Երեւանի մամուլի ակումբի փորձագէտ Միքայէլ Զոլեան կատակով նշած է, թէ ինք շատ հպարտ է, որ հայ լրագրողները կը կարծեն, թէ իրենք կրնան նախարար Քլինթընի այցելութիւնը ծրագրաւորել։ Հանդիպման մասնակից Մենսուր Աքգիւնի ելոյթը յոռետասական նկատուեցաւ կարգ մը մասնակիցներուն կողմէ, որովհետեւ ան նշեց, թէ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցը Թուրքիոյ օրակարգային առաջնային նիւթերէն չէ։
Քննարկման մասնակիցները մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին եւ ելոյթի աւարտին ծափահարեցին հայ եւ թուրք լրագրողներու պասով կատարած շրջագայութեան մասնակից, Jiyan.org կայքէջի լրագրող Քեմալ Պողքուրթին: Վերջինս քննադատեց թրքական իշխանութիւններուն մօտեցումը ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ՝ շեշտելով Թուրքիոյ մէջ առկայ շարք մը խնդիրներ:
Թրքական կողմի մէկ այլ մասնակից, Տիգրանակերտի քաղաքապետի խորհրդական, գրող Շեյհմուշ Տիքնէ յայտնած է, որ մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ Հայաստան եկած է։