Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներն ու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները 18 Յունիսին Փարիզի մէջ հանդիպում պիտի ունենան:

Ան նշած է, որ շփման գիծին վրայ մարդկային կորուստները բացասաբար պիտի ազդեն Լեռնային Ղարաբաղի խընդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթին վրայ:
«Քանի տակաւին տագնապը լուծուած չէ, նման միջադէպերը, ցաւօք, պիտի շարունակուին, այդ իսկ պատճառով մենք Հայաստանին կոչ կ՛ուղղենք՝ աշխատանքներ սկսելու խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ», ըսած է Մամետեարով՝ աւելցնելով, որ Փարիզի մէջ Ատրպէյճան «պիտի փորձէ հայկական կողմին համոզել սթաթիւս քոյի պահպանման անընդունելիութեան մասին»:
«Մենք կը գիտակցինք, որ այս նիւթը բաւական զգայուն է, եւ հակամարտող կողմերը, ինչպէս նաեւ միջազգային միջնորդները պէտք է այս ձգձգուող տագնապի լուծման ուղիներ որոնեն», ըսած է ատրպէյճանցի նախարարը: