Երկրորդ անգամ Հայաստանի սահմանը թափանցել փորձող ազերի ջոկատը
բազմաթիւ զոհեր տուած է
Երկուշաբթի օր ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Հայաստան այցէն ժամեր առաջ, հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս կոպտօրէն խախտելով սահմանին հաստատուած հրադադարը՝ փորձած էր ներթափանցել ՀՀ Տաւուշի մարզի Բերդաւան եւ Չինարի գիւղերուն տեղակայուած հայկական յենակէտեր:
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի առաւօտեան, Ատրպէյճանի ժամանակով ժամը 6:30ին, սահմանի վրայ հայկական զինուած ուժերը սպաննած են ատրպէյճանցի չորս զինուորական ծառայողներ: Եւս մէկ ատրպէյճանցի վիրաւորուած է եւ աւելի ուշ՝ մահացած:
Ինչպէս կը յայտնէ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, զոհուած են Ամիլ Ալիեւ, Հալիտ Ազիզով, Ուահիտ Պակիրով, Զուլֆուկար Աթաշլը եւ Էլչին Իսմայիլով:
Հայաստանի ՊՆ մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ձեռնարկուած քայլերուն եւ հայ զինուորներուն քաջարի գործողութիւններուն արդիւնքով, թշնամիին նենգամիտ յառաջխաղացումը կասեցուած էր եւ ետ մղուած: Ատրպէյճանական գործողութեան հետեւանքով, զոհուած են զինուորական ծառայողներ Հրաչ Սարգսեան, Զոհրապ Բալաբէկեան եւ Կարէն Դաւթեան: Կան նաեւ վիրաւորներ:
Սգոյ երթ՝ նուիրուած Չինարի գիւղին մէջ զոհուած զինուորներու յիշատակին
Վաղը Յունիս 7-ին՝ ժամը 11:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Չինարի գիւղին մէջ երկու օր առաջ զոհւած զինուորներու յիշատակին նուիրուած սգոյ երթ: Երթը ճամբայ պիտի ելլէ Ազատութեան հրապարակէն՝ Արամ Խաչատրեանի արձանի մօտ: Մասնակիցները սեւ դրօշակներ պարզած պիտի ըլլան: