Հայաստանի հինգերորդ գումարման Ազգային Ժողովը, այսօր առաւօտեան ժամը 10ին բացումը կատարեց իր նոր նստաշրջանին:
Մայիս 6ի ընտրութիւններու արդիւնքով ձեւաւորուած խորհրդարանի առաջին նիստը վարեց ամէնէն տարեց պատգամաւորը՝ հանրապետական Մկրտիչ Մինասեանը:
Ներկայ էին ՀՀ նախագահը, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, գործող կառավարութիւնը՝ ամբողջ կազմով:
ՀՀԿ-ն եւ ՕԵԿ-ը համագործակցութեան
համաձայնագիր ստորագրեցին
Իշխող Հանրապետական եւ «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնները երէկ Չորեքշաբթի երեկոյեան համագոր-ծակցութեան (կոալիցիոն) համաձայնագիր ստորագրեցին:
«Քաղաքական կոալիցիայի համաձայնագիր» վերնագրուած փաստաթուղթը ստորագրեցին ՀՀԿ ղեկավար, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ ՕԵԿ առաջնորդ Արթուր Բաղդասարեանը ՀՀԿ-ի կեդրոնական գրասենեակէն ներս:
«Քաղաքական կոալիցիան վերահաստատում է առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններում՝ ի դէմս նախագահ Սերժ Սարգսեանի, միասնական թեկնածուով հանդէս գալու որոշումը» ըսուած է համաձայնագրի գրութեան մէջ:
Փաստաթուղթը ստորագրած ուժերը նաեւ նշած են, որ քաղաքական կոլաիցիան կը ստանձնէ Հայաստանի «քաղաքական, տնտեսական, սոցիալական զարգացման պատասխանատուութիւնը»:
Ինչպէս կÿենթադրուի Ազգային ժողովը կրկին պիտի ղեկավարէ Յովիկ Աբրահամեանը եւ ՀՀԿ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը եւ Հերմինէ Նաղդալեանը ԱԺ փոխ նախագահներ կը դառնան:
Շարմազանով յայտնեց թէ կառավարութեան կազմին մէջ էական փոփոխութիւններ պիտի չըլլան:
Ռուստամեան. «ՀՅԴ պիտի համագործակցի
ընդդիմադիր ուժերու հետ»
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 30 Մայիսին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ խորհրդարանական աթոռներու յանձնման ընթացքին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ըսաւ. «Մենք պէտք է որակով չէզոքացնենք քանակութիւնը եւ բնականաբար աւելի ակտիւ ենք աշխատելու։ Մեր թիմը (խմբակցութիւնը) մեծ փորձառութիւն ունի, եւ այդ փորձն ու դաշնակցական աւանդոյթները հնարաւորութիւն կը տան, որ առնուազն քաղաքական մարմնի գործունէութեանը համապատասխանեցնենք Ազգային ժողովի աշխատանքները»:
Խօսելով այլ ուժերու հետ համագործակցելու կարելիութեան մասին՝ Ա. Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին յստակ պիտի դառնայ, թէ ո՛վ է ընդդիմադիրը։ «Դրանից յետոյ կ՛որոշենք, թէ համագործակցութիւնն այդ դաշտում գործող ուժերի հետ տրամաբանական է, թէ ոչ», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան դրական նկատեց «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ընդդիմադիր ըլլալը։ «Հակակշռելիութիւնը կը մեծանայ: Հակակշռելիութիւնը սկսւում է մէկ/հինգերորդից, եւ հիմա այդ հնարաւորութիւնները մեծանում են», նշեց Ռուստամեան: