Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 20ամեակը։  Հիմնադրամի անցած ուղին անբաժան մասն է մեր անկախ հայրենիքի 20ամեայ կենսագրութեան, որ կերտուած է հայոց պետականութեան կայացման զուգընթաց:

Յունաստանէն ներկայ գտնուեցաւ
հիմնադրամի մասնաճիւղի ատենապետ
տոքթ. Վաչէ Տէր Կարապետեանը

Հիմնադրամը իր յոբելեանը նշեց Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ՝ դասական համերգով մը, որուն մասնակցեցան դասական երաժշտութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի նախագահի մրցանակի արժանացածները եւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրի յաղթողները: Համերգին ընթացքին հնչեցին Մոցարթի, Հայտընի, Տիգրանեանի, Վիվալտիի, Ռոսինի եւ այլ հանրաճանաչ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Համերգին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ բարձրաստիճան այլ հիւրեր:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան յայտնած է, որ քսան տարիներուն ընթացքին յաջորդաբար կեանքի կոչուած են ճամբաներ, դպրոց ու հիւանդանոց, ջրագիծ ու կազատար, որոնց շնորհիւ նոր շունչ ստացած են Հայաստանի եւ Արցախի տասնեակ գիւղեր եւ քաղաքներ, ուր բացուած են նոր ու լուսաւոր ապագայի հեռանկարներ:
Անոր համաձայն, այս տարիներուն հիմնադրամը իրագործած է աւելի քան 235 միլիոն տոլար արժողութեամբ բազմաբնոյթ ծրագիրներ: «Քսան տարիների գլխաւոր ձեռքբերումը եղել է մեր հայրենակիցների համախմբուածութիւնը հիմնադրամի շուրջ, որը ոչ թէ կազմակերպութիւն է, այլ մեր հայրենիքին է», ըսած է Արա Վարդանեան՝ շեշտելով, որ իր երազը կը մնայ այն, որ իւրաքանչիւր հայ, անկախ բնակած վայրէն, գոնէ մէկ դրամով մասնակից դառնայ դրամահաւաքին:
Այս առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ նշած է. «Փառաւոր ճանապարհը հիմնադրամն անցել է ձեռք ձեռքի տուած Հայաստանում, Արցախում եւ սփիւռքում բնակուող իր բազմահազար նուիրատուների հետ, որոնց անկոտրում կամքի եւ անմնացորդ նուիրումի արդիւնքում կեանք են առել մեր հայրենիքի համար կարեւորագոյն նշանակութեան ենթակառուցուածքներ: Այս յոբելեանը խորհրդանշում է քսան տարիների մեր միասնական ձեռքբերումները, մեծ ու փոքր յաղթանակները, որոնց ուղղուած են հայ ժողովրդի բարօրութեանն ու մեր երկրի յառաջընթացին»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը
Մասնակցեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ժողովին

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան նիստին քննարկուեցան հիմնադրամին կատարած իրագործումները եւ յառաջիկայ ծրագիրները՝  Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ:
Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, համագումարի աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Յառաջիկայ օրերուն, 3-6 Յունիս, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան վարդապետ միաբաններու համագումար: Ընդառաջելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս նշանակած է Մակար վրդ. Աշգարեանը՝  յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան իր մասնակցութիւնը բերելու յիշեալ համագումարին:


«Հայաստան» հիմնադրամի երկու ծրագիրներու բացում Մարտունիի մէջ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 24 Մայիսին հանդիսաւորապէս բացումը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Գիշի գիւղի նորակառոյց դպրոցին:
Հանդիսութեան ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեան, շրջանի վարչակազմի ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:
Դպրոցի կառուցման նիւթական ծախսերը հոգացած են «Վարդանեաններու ընտանիք» բարեսիրական կազմակերպութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:
Երկյարկանի դպրոցը ունի ինքնատիպ ճարտարապետական կառոյց, անիկա կրնայ ընդունիլ աւելի քան 300 աշակերտ: Ներկայ դրութեամբ դպրոց կը յաճախեն 140 աշակերտներ: Նորակառոյց դպրոցը օժտուած է ժամանակակից պայմաններով՝ ներառեալ գրադարան, հանդիսութիւններու սրահ, մարզական բաժին, ճաշարան եւ հինգ տարրալուծարաններ: Անիկա ունի նաեւ խաղերու յատուկ հրապարակ եւ ֆութպոլի դաշտ: Դպրոցի ամբողջական կահաւորումը իրականացած է Պրազիլի տեղական մարմինին կողմէ՝ պրազիլահայ համայնքին ջանքերով: Դպրոցի փոխտնօրէն Ադելաիդա Օհանջանեանի համաձայն, այս տարուան 26 շրջանաւարտներէն 20ը կ՛ուզեն բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ:
Դպրոցի բացման հանդիսութեան յաջորդած է Ստեփանակերտ քաղաքի ըմպելի ջուրի ներքին ցանցի 10րդ եւ 11րդ գօտիներու բացումը:  Ցանցը վերակառուցուած է Ռուսիոյ հայ համայնքի օժանդակութեամբ եւ ջուր կը տրամադրէ քաղաքի կեդրոնական մասին, Արմէնաւան եւ Ստեփգես թաղամասերուն: Դաւիթ Բէկ փողոցի վրայ տեղադրուած աղբիւրը յետ այսու պիտի գործէ իբրեւ հիմնադրամին կողմէ քաղաքի այս հատուածին մէջ վերստին գործող ջրամատակարարման խորհրդանիշ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը
բացումը կատարեց Շուշիի կրթամշակութային կեդրոնին

Մայիս 25-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շուրջ 60 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը՝ գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ,  Շուշիի մէջ հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարեց կրթամշակութային կեդրոնի ուսումնական հատուածը, որը վերակառուցուած է Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմնի ֆինանսաւորմամբ:
Արարողութեան ներկայ էին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Քաջիկ Խաչատրեանը,  պաշտօնատար այլ անձեր, հիւրեր, Շուշիի բնակիչներ:
Շահագործման յանձնուած հատուածին մէջ կը գործեն Մկրտիչ Խանդամիրեանի պետական թատրոնը, «Վարանդա» մանկապատանեկան երգչախումբը, նկարչութեան, պալետի , ժողովրդական գործիքներու, ասեղնագործութեան խմբակները, մեծահասակներու թատրոնը, ինչպէս նաեւ տիկնիկային թատրոնը, որը անուանուած է գանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ  Ատոմ Էկոյեանի անունով:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բացումը կատարեց Երեւանի Շենգավիթի
հիմնանորոգուած մանկապարտէզին

«Հայաստան» հիմնադրամի պատուիրակութիւնը, գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ Մայիս 27-ին հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարեց Երեւանի Շենգաւիթի հիմնանորոգուած գիշերօթիկ մանկապարտէզին: Շէնքի ամբողջական հիմնանորոգումն ու կահաւորումը իրականացուց Հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիայի տեղական մարմինը:
Բացման  կը մասնակցէին Հիմնադրամի Մեծ Բրիտանիայի տեղական մարմնի ատենապետ Արմինէ Կարապետին, Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիայի եւ Հիւսիսային Իռլանդիայի Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան պարոն Ջոնաթան Ջէյմս Էյվսը, որոնց եւ տրուեցաւ կարմիր ժապաւէնը կտրելու պատիւը: «Ինձ համար մեծ պատիւ է մասնակցել այս միջոցառմանը: Իմ խորին շնորհակալութիւնն եմ յայտնում Մեծ Բրիտանիայի հայ համայնքին, ում ջանքերով նոր կեանք ստացաւ այս կրթօջախը»,- հայերէնով ողջոյնի խօսք ըսաւ դեսպանը: