Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Կառավարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած են «Քաղաքական եւ սոցիոլոգիական խորհրդատուութիւնների ինստիտուտ»ի կատարած «Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի որակի ինտեքսը 2011ին» ընկերաբանական հարցախոյզին արդիւնքները:

Անոր մասնակցած է 2000 անձ, 35.5 տոկոսը՝ Երեւանէն, մնացեալը՝ երկրի այլ քաղաքներէն ու գիւղերէն: Անոնց անկեղծութեան մակարդակը 86 տոկոս է:
Հարցախոյզին արդիւնքներու համաձայն, Հայաստանի բնակչութեան 10.3 տոկոսը առարկայականօրէն լաւ կ՛ապրի եւ գոհ է իր վիճակէն: 49 տոկոսը իր ընտանիքի նիւթական վիճակը բնականէն ցած կը նկատէ, բայց կը համակերպի պայմաններուն եւ բաւարարուած կը զգայ։
Բնակչութեան 37.4 տոկոսը բնականէն  ցած կը նկատէ իր ընտանիքին նիւթական վիճակը եւ դժգոհ է իր կեանքէն, իսկ բնակչութեան 3.3 տոկոսը իր ընտանիքի նիւթական վիճակը բնականէն բարձր կը նկատէ, բայց նոյնպէս դժգոհ է իր կեանքէն:
Հայաստանի բնակչութեան 59.3 տոկոսը բաւարարուած է իր կեանքով՝ ներառեալ 49 տոկոսը կազմող՝ իրենց նիւթական վիճակը ցած նկատողները, իսկ 40.7 տոկոսը գոհ չէ իր կեանքէն, ներառեալ 3.3 տոկոսը կազմող նիւթական իմաստով բաւական լաւ նկատուողները։
Կեանքի որակի ընդհանուր մակարդակի գնահատականը 2011ին 47.6 տոկոս է, 2010ի 44.6 տոկոսի փոխարէն: Բարձրագոյն մակարդակի վրայ կեանքի որակի գնահատականը 37.5 տոկոս է, նուազագոյն՝ 57.6 տոկոս:
Հարցախոյզին մէջ նշուած են կեանքի որակը վատթարացնող հիմնական գործօնները: Ըստ անոր, անբաւարար են աշխատանքի գոհացուցիչ վարձատրութիւնները, բնակարանային պայմանները, ընտանիքի եկամուտները, սննդամթերքի, կենցաղային առարկաներու գիները բարձր են եւ այլն։