Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ 23 Մայիսին կայացան յիշատակի եւ ոգեկոչման ձեռնարկներ՝ նուիրուած Ամերիկեան Կարմիր Խաչի հիմնադիր եւ մարդասէր Քլարա Պարթոնին: Տեղի ունեցաւ նաեւ 1896 թուականին Քլարա Պարթոնի պատրաստած գիրքի վերածուած զեկուցումին՝ «Ամերիկեան Կարմիր խաչի նպաստամատոյց առաքելութիւնը Փոքր

Ասիոյ մէջ» նիւթով անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու շնորհանդէսը: Զեկուցումը հայերէնի թարգմանուած եւ հրատարակուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան աջակցութեամբ:
«Այստեղ ամփոփուած է պատմութիւն, ամփոփուած է զգուշօրէն, դիւանագիտօրէն: Սա մարդասիրութեան մի վկայարան է, ամերիկեան հումանիտար պատմութեան թերեւս առաջին լուրջ խոշոր էջը», նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը: 
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն այս առիթը նկատեց «պարզ, սակայն կարեւոր»: Ան կարեւոր նկատեց հայ եւ ամերիկեան ժողովուրդներուն միջեւ վաղուց ձեւաւորուած բարեկամական կապերը եւ անոնց ամրապնդման մէջ Քլարա Պարթոնի ունեցած դերակատարութիւնը։  «Պարթոնը հիասքանչ, օրինակելի կերպար է ծառայութեան ու կարիքաւորներու օժանդակութեան: Ան լաւագոյն ապացոյցն է այն երեւոյթին, որ գործի նուիրեալ մարդը ինչեր կրնայ ընել», նշեց դեսպանը: Դեսպանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Պարթոն 19րդ դարու աւարտին ապրած ու գործած ամերիկացի կին առաջնորդ էր, մինչ այդ հանգրուանին Միացեալ Նահանգներու մէջ կիները նոյնիսկ քուէարկելու իրաւունք չունէին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան նկատել տուաւ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները ներկայիս բարձր          մակարդակի վրայ են եւ նորանոր ոլորտներ կ՛ընդ- գրկեն: Այդ յարաբերութիւնները, Յովակիմեանի համաձայն, մարդկային կապերու հիման վրայ դրսեւորուած եւ զարգացած են։ Թանգարանին մէջ բացուեցաւ նաեւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւն՝ նուիրուած Քլարա Պարթոնին: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յուշապատի մէջ Քլարա Պարթոնի գերեզմանէն բերուած հողի ամփոփման եւ յուշատախտակի տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Միացեալ Նահանգներու Կարմիր խաչի հիմնադիր եւ նախագահ Քլարա Պարթոն ծնած է 1821ին Մասաչուսեթս նահանգի Օքսֆորտ քաղաքին մէջ: Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին իր ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան համար ան ճանչցուած է «Մարտադաշտի հրեշտակ» անունով։
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ 1895-1896 թուականներուն գործադրուած զանգուածային կոտորածներուն մասին տեղեկանալով՝ Քլարա Պարթոն 1896ին կը մեկնի Պոլիս եւ շուրջ մէկ տարի կը ղեկավարէ ջարդերէն տուժածներուն եւ  անօթեւաններուն նիւթական օգնութիւն տրամադրելու աշխատանքները։
Անոր ջանքերուն շնորհիւ ջարդերէն փրկուած հայերուն կ՛ապահովուի կացարան, սնունդ, դեղօրայք եւ հագուստ:  Օսմանեան կառավարութեան յարուցած բազմաթիւ խոչընդոտներուն պատճառով Քլարա Պարթոն կը ստիպուի Միացեալ Նահանգներ վերադառնալ։
1896ին իր գործընկերներուն հետ Քլարա Պարթոն կը հրատարակէ զեկուցում մը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրենց ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան մասին։