Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ինչպէս միշտ Մայիս 28-ին, սովորականէն շատ աւելի մարդաշատ կÿըլլայ նաեւ Երեւանի Քաղաքային պանթէոնը: Կարգ մը քաղաքացիներու համար տօնը կը  սկսի պետականութիւն կերտած՝ Արամ Մանուկեանի շիրիմէն: 


Արամը հայոց պատմութեան այն գործիչներէն էր, որու ջանքերը ի զուր չանցան: Ճակատագրի բերումով ան  հանդէս եկաւ յատկապէս այն ժամանակներուն, երբ ազգի գոյութեան վտանգ կը  սպառնար, երբ կասկածի տակ էր հայութեան ապագան. իր անձնական յատկանիշներով ան յաջողեցաւ ժողովուրդը համախմբել մէկ ընդհանուր գաղափարի շուրջ:
Ներկայ անկախութեան գինը եւ այն պահպանելու պատասխանատուութեան  մասին   քաջ կը գիտակցին նաեւ այս երիտասարդները՝ որպէս իրենց գաղափարներու, հայրենիքին ծառայելու  դրօշակակիր ընտրելով Հայ Յեղափոխական  Դաշնակցութիւնը:
Այս որոշումը առած  աւելի քան 20 երիտասարդներ երէկ համա-լըրեցին Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական Միութեան շարքերը` երդուելով Արամ Մանուկեանի շիրիմին վրայ: Ըստ իրենց խօսքերուն՝  օրն ու վայրը շատ աւելի կը մեծցնեն իրենց ստանձնած   պատասխանատուութիւնը: