
Հայաստան զբօսաշրջութեան մարզը ընտրած է որպէս տնտեսութեան գերակայ ճիւղ: Այսուհանդերձ, այս տարուայ Մարտ 7-ին Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հրապարակած «Ճամբորդութիւն եւ զբօսաշրջութիւն: Մրցունակութիւն-2011» զեկոյցին մէջ ներկայացուած 139 երկիրներու շարքին Հայաստանը 90-րդ տեղը կը գրաւէր։
Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանը վստահութիւն յայտնած է, որ տարեկան 20-25 տոկոս զբօսաշրջութեան աճը լաւ ցուցանիշ է Հայաստանի համար, իսկ տարածաշրջանէն ներս Հայաստանը առաջնային դիրք ունի:
Իրենց կարծիքը յայտնած են ՄԱԿ-ի Զբոսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան փորձագէտներ Լուկա Մանոկի եւ Էլեն Պերման, որոնք նշած են թէ ըստ իրենց կարծիքի Հայաստան երկու թերութիւններ ունի, որ խոչնդոտ կը հանդիսանան զբօսաշրջութեան զարգացման: «Մէկ խնդիրը՝ անմատչելիութիւնն է», ըսած է Մանոկի, իսկ երկրորդը՝ «Երեւանէն դուրս ճանապարհային նշաններու, ցուցանակներու յաւելման հարցը», ըսած է Պերման: Հայաստանի առաւելութիւններու կարգին է մարդոց ջերմ ընդունելութիւնը:
ՄԱԿի փորձագէտները հարկ զգացած են նշելու նաեւ թէ Հայաստան կÿընկալուի որպէս հակամարտութիւն ունեցող երկիր՝ ինչ որ զգալի կերպով կը խանգարէ երկրի դրական պատկերը:
Նշենք, որ պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ 2010 թուականին Վրաստան այցելած է 2 միլիոն 320 հազար, Ատրպէյճան՝ 1.5 միլիոն, իսկ Հայաստան՝ 684 հազար զբօսաշրջիկ:
Դիլիջանը մեծ պահանջք կը վայելէ սփիւռքի, Եւրոպայի եւ ԱՄՆ զբօսաշրջիկներու համար
Իւրաքանչիւր տարի Դիլիջան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը կաւելնայ։ Այդ մասին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ հաղորդեց Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեան:
Անոր խօսքով՝ մէկ տարուան ընթացքին Դիլիջան այցելած է 15-17 հազար զբօսաշրջիկ, որոնց շարքին‘ սփիւռքի, Եւրոպայի եւ ԱՄՆ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Երեւանի բնակիչներ: Այս նախընտրութեան կը նպաստեն Դիլիջանի բարենպաստ կլիման, ինչպէս նաեւ աւելի քան 300 հանգստեան տուներն ու մշակութային կեդրոնները: Անդրադառնալով գիներու մատչելիութեան՝ Արմէն Սանթրոսեան նշած է, որ անոնք կը տատանուին 3000-180.000 դրամի սահմաններուն մէջ։
Դրամատուները Դիլիջանի Մէջ Մասնաճիւղեր Կը Բանան
2013ի սկիզբը Դիլիջանի մէջ պիտի սկսի գործել Կեդրոնական դրամատունը: Ծրագիրը, որ մեկնարկած է շուրջ երեք տարի առաջ, արդէն աւարտին կը մօտենայ: Այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեանը:
«Շուրջ երեք տարի է, ինչ մեկնարկել է Դիլիջանը գործարար կեդրոն դարձնելու ծրագիրը: Այս տարուայ վերջում հիմնական փուլը կÿաւարտուի: Կեդրոնական դրամատան շէնքն արդէն հիմնովին կառուցուած է, մնացել է աւարտին հասցնել ներքին յարդարման աշխատանքները», - յայտնեց քաղաքապետը:
Ան նշեց, որ կառավարութեան եւ երկրի նախագահի՝ Դիլիջանը ելեւմտական կեդրոն դարձնելու ծրագիրը արդէն իսկ կեանքի կը կոչուի եւ 2013ի սկիզբը արդէն բոլորը ատոր ականատեսը պիտի ըլլան: Ան յայտնեց, որ ծրագիրի սկիզբը արդէն Դիլիջանի մէջ բացուած են վեց դրամատուներ, իսկ բազմաթիւ այլ դրամատուներ Դիլիջանի մէջ մասնաճիւղեր ունենալու ցանկութիւն յայտնած են եւ դիմում ներկայացուցած: