Կայուն տնտեսական զարգացում, բնապահպանութիւն, բնակչութեան ընկերային կարիքներ, գործառնութեանց պետական աջակցութեան ապահովում. այս նիւթերու շուրջ էին երեւանեան նիստի օրակարգային հարցերը։
23 Մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընթացք առաւ Սեւծովեան Տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի 39րդ լիագումար նիստը, որուն կը մասնակցէին 10 երկիրներէ շուրջ 70 պատուիրակներ, որոնց կարգին՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի խորհրդարանականները: Յատկանշական է, որ վեհաժողովի աւարտին նախագահութիւնը Հայաստանէն անցաւ Ատրպէյճանին:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհըրդարանական վեհաժողովի նիստը արդէն երրորդ անգամն ըլլալով կը գումարուի Երեւանի մէջ: Այս անգամ կառոյցի 12 անդամ պետութիւններէն նիստին չէին մասնակցած Յունաստանի եւ Սերպիոյ պատուիրակները: Երեւանեան նիստի օրակարգին վրայ ներառուած հարցերուն կարգին էին՝ կառոյցի անդամ երկիրներուն մէջ հարկային համակարգի կատարելագործման, խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան զարգացման հեռանկարներուն, կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ համաձայնագիրներու ձեւաւորման, մշակոյթին, կրթութեան, ընկերային խնդիրներու առնչուող եւ այլ հարցեր:
Իբրեւ խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ բացման խօսքը արտասանելով՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանը անդրադարձաւ այս կառոյցին մէջ Հայաստանի ունեցած դերակատարութեան՝ իբրեւ 6ամսեայ նախագահ։
Ան կարեւոր նկատեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան ծիրին մէջ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը:
Սամուէլ Նիկոյեանը ընդգծեց վեհաժողովի օրէնսդիր գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ խորհրդարանական երկխօսութեան ամրապնդման եւ բազմակողմ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի 39րդ լիագումար նիստի մասնակիցներուն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սար- գսեանի ուղերձը ներկայացուց նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը:
Իր ուղերձին մէջ նախագահը կարեւոր նկատած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով, ինչպէս նաեւ ժողո- վըրդավարական սկզբունքներու արմատաւորման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովման ծիրին մէջ:
Թէեւ նախատեսուած էր, որ նիստը աւարտէր 24 Մայիսին, սակայն խոր-հըրդարանականները 23 Մայիսին արդէն աւարտեցին իրենց աշխատանքները։
Ժողովին մասնակցող ատրպէյճանցի պատգամաւորը կ'ըսէ. «Ատրպէյճան պատրաստ է համագործակցելու բոլորի հետ, բացի Հայաստանէն»
Ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Արիֆ Հաճիեւը լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանը պատրաստ է համագործակցելու բոլորի հետ, բացի Հայաստանէն:
«Համագործակցութեան մասին խօսք կարելի չէ ընել, քանի դեռ մեր հողերը օկուպացուած են, առաւել եւս ձեր նախագահը՝ պարոն Սարգսեանը, ոչ վաղ անցեալում յայտարարեց, թէ Աղտամը հայկական չէ: Ես կարծում եմ, որ Հայաստանի նոր ղեկավարութիւնը պէտք է կառուցողական մօտենայ հարցին, ազատի օկուպացուած տարածքները, ինչից յետոյ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջութեան ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի համար ստանայ կարգավիճակ, դրանից յետոյ միայն կþազատուեն բոլոր ենթակառուցուածքները եւ այդ ժամանակ միայն հնարաւոր է, որ սկսի համագործակցութիւն», -ըսած է ազերի պատգամաւորը։