Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի «Ակադեմիա» պատկերասրահին մէջ մի քանի օր առաջ տեղի ունեցած է Յունաստանէն  Երեւան  ժամանած  նկարչուհի Մարիանա Մանուկեանի գործերուն առաջին ցուցահանդէսին բացումը,

որուն ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեանը, սփիւռքահայ բարերար Վահագն Յովնանեանը եւ այլ հիւրեր: Մարիանա Մանուկեանի նկարները բազմաժանր ու գունագեղ են: Հայրենիքի կարօտը, ծաղիկներ, յատկապէս վարդերը լուսանկարիչին գործերուն «գլխաւոր հերոսն են»:  Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 25 Մայիս։

Հետաքրքրական է անոր աթոռներու շարքը, ուր կան մարդու մտորումները անցեալի, ներկայի ու ապագայի մասին,  կայ անոր յոյսը, որ երբեք չի մեռնիր