Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԼՂՀի մէջ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի թղթակից Լուսինէ Մուսայէլեան կը հաղորդէ, թէ Ֆրանսայի Ծերակոյտի երեք անդամներ, որոնք այս օրերուն Արցախ կ'այցելեն, երէկ Չորեքշաբթի օր հիւրընկալուեցան խորհրդարանէն ներս:

Ֆիլիփ Մարինին, որ Սենատի մէջ պատասխանատու պաշտօններ կը վարէ 1992 թուականէն ի վեր, ԼՂ Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ «բարի կամքի միջազգային հանրութեան բոլոր դերակատարները պէտք է ճանչնան, որ Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, խաղաղութիւնը եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու հանգամանքը անվիճարկելի արժէքներ են»:
Իր ելոյթին մէջ Մարինին նաեւ ընդգծեց, որ հակառակ թէ Լեռնային Ղարաբաղը դեռ եւս ճանչցուած չէ, այդուհանդերձ միջազգային հանրութիւնը «չի ժխտեր այս երկրի գոյութիւնը»:
Ան Լեռնային Ղարաբաղը անուանեց «կովկասեան փոքրիկ Զուիցերիա»:
Ի պատասխան «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հարցումին, թէ մտավախութիւն չունի՞ն, որ այս այցելութենէն յետոյ կրնան յայտնուիլ Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին մէջ», Մարինին կատակով պատասխանեց. - «Ես կþափսոսամ անոր համար, որովհետեւ երբեք չեմ այցելած Ատրպէյճանը»:
Ծերակուտականները վստահեցուցին, որ այս այցելութենէն յետոյ «հիացումի եւ հպարտութեան զգացումով» պիտի վերադառնան Ֆրանսա:
Նախապէս ֆրանսացի ծերակուտականներուն ընդունած էր Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած են ֆրանսացի ծերակուտականներու հանդիպումները Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր առաջնորդի եւ երիտասարդութեան ներկայացուցիչներուն հետ: