Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով նշած է, որ 24 Մայիսին պիտի կայանայ ՀՀԿի գործադիր մարմինի նիստ, որմէ ետք պիտի որոշուի իշխանական նոր ձեւաչափը,
ինչպէս նաեւ համամասնական ընտրակարգով Հանրապետական կուսակցութենէն պատգամաւոր եղողներուն ցանկը: Շարմազանով չբացառեց, որ կարելի չըլլայ բոլոր հարցերուն լուծում գտնել այս նիստին ընթացքին՝ հաւանական նկատելով, որ այլ նիստ մը եւս գումարելու կարիք ըլլայ։
Նշենք, որ մամուլին մէջ շրջան ընող լուրերուն համաձայն, բանակցութիւններ ծաւալած են Հայաստանի Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւններուն միջեւ։ Հմայեակ Յովհաննիսեան նշած էր, թէ ԲՀԿի եւ ՀՀԿի միջեւ սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռքբերուած է, սակայն կուսակցութիւններու պաշտօնական ներկայացուցիչները չեն հաստատած այդ տեղեկատուութիւնը:
Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը կը յստակացնէ. «Հանրապետական Կուսակցութիւնը ՀՅԴ-ին համագործակցութեան առաջարկ չէ ներկայացուցած»
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան երէկ հերքեց խօսակցութիւնները այն մասին, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջին շրջանին քաղաքական խորհրդակցութիւններ կը վարէ Դաշնակցութեան հետ:
Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարը ՀՅԴ-ին համագործակցութեան առաջարկ չէ ներկայացուցած:
«Յետընտրական տրամաբանութեան մէջ որոշ համագործակցութիւններու ձեւաչափեր, տարբեր տեսակի խնդիրներ քննարկել‘ ոչ… այդպիսի քննարկումներ տեղի չեն ունեցած, որովհետեւ մենք մեր տեսակէտները յստակօրէն յայտնած ենք: Ճիշդ ընտրութիւններէն ետք մենք ըսինք, որ համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորուելու խնդիր չկայ, մեր ծրագիրը հիմնուած է ամբողջական իշխանափոխութեան օրակարգին վրայ: Այդպիսի հարց մեզի հետ չէ քննարկուած», ըսաւ Ռուստամեան: