Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Համահայկական խաղերի համաշխարհային գործադիր կոմիտէի 2012-ի առաջին նիստը պիտի կայանայ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, ընթացիկ ամսուան՝ Մայիս 26-ին,

տեղւոյն ՀՀ դեսպանատանը, հաղորդեց նոյն մարմնի գլխաւոր հաշուեքննիչ Պերճ Հալաճեան, որ աւելցուց, թէ ընդհանուր ժողովի  որոշումով է որ այս նիստը կը գումարուի Երեւանէն դուրս։
Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած եւ 25 անդամէ բաղկացած Կոմիտէն, որուն մէջ ներկայացուած են տարբեր քաղաքներու պատուիրակներ, այս նիստին գլխաւորաբար պիտի քննէ 2013-ի Փետրուարին համահայկական ձմեռային խաղերու կազմակերպումը։ Ինչպէս ծանօթ է, ցարդ ամառնային խաղեր կազմակերպուած են. առաջին անգամն է որ ձմեռային խաղեր կը կազմակերպուին, որոնց՝ ըստ Պ. Հալաճեանի, մեծագոյն մասնակցութիւնը կը սպասուի նախկին խորհըրդային հանրապետութիւններէն ու Եւրոպայէն։ Ցարդ նկատի առնուած են հինգ մարզաձեւեր։
Համահայկական յաջորդ խաղերը կը նախատեսուի կազմակերպել 2015-ի Օգոստոսին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Համահայկական խաղերը հազարաւոր մարզիկներու մասնակցութիւնը ապահոված են, նախորդ կազմակերպութիւններուն ընթացքին: