Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահները, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան, ուր ի միջի այլոց քննարկեցին նաեւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը:
Ցաւակցելով «Պուլկարիա» նաւու խորտակման կապակցութեամբ՝ Օպաման գնահատանքի խօսք արտայայտեց Քազանի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման շուրջ Մետվետեւի նախաձեռնութեան գծով: