Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը
ներկայ գտնուեցաւ Աթէնքի մէջ
ոգեկոչական ձեռնարկներուն

Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը պատշաճ կերպով նշուեցաւ Յունաստանի մէջ, Աթէնքէն մինչեւ Թեսաղոնիկէ եւ տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկներով։


Ինչպէս «Ազատ Օր»ին Երեւանէն հաղորդեց ընկ. Յովիկ Գասապեանը, Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան տարելիցի կապակցութեամբ, Հայաստանի մէջ յունական համայնքը՝ ՀՀի մօտ Յունաստանի դեսպանի տեղակալ տիկին Վասիլիքի Տիքոփուլուի գլխաւորութեամբ, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ զետեղելով անմար կրակին մօտ։  Հոգեհանգստեան արարողութիւնը մատուցուեցաւ հայերէն եւ յունարէն լեզուներով։
Վերջին տարիներուն ընթացքին, Մայիս 19ին, յունական համայնքի պատուիրակութիւնը միշտ կը բարձրանայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր կը դիմաւորուի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կողմէ։ Տարեկան հոգեհանգիստին ներկայ գտնուած է նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Է. Շարմազանովը, որ յունական ծագում ունի։

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ծաղկեպսակը


1916-1923 թուականներուն Պոնտոսի մէջ բնակող 700.000 յոյներու նկատմամբ թուրքերու իրագործած ոճիրին զոհ գացին շուրջ 353.000 անմեղ յոյներ. մէկ այլ մասը գաղթեց Յունաստան, Հայաստան եւ այլ երկիրներ։
Պոնտոսի յոյները վերջին տասնամեակին ընթացքին աշխուժ աշխատանք կը ծաւալեն պահանջելով ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ։ Հակառակ որ աշխարհի մէջ երկար չեն տարիները որ այս հարցը սկսած է թափ առնել, ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին մեծ ոստումներով կը յառաջանայ Յոյներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը, յատկապէս ԱՄՆի եւ Աւստրալիոյ մէջ, ուր մեծաթիւ յունական համայնքներ գոյութիւն ունին։
Ինչպէս նախապէս ալ մի քանի առիթներով նշած ենք մեր թերթին էջերէն, Ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերը պարտին միացեալ քայլերով յառաջանալ միջազգային ճանաչում ապահովելու երկար ու դժուար ճամբուն վրայ, համագործակցելով եւ հաստատելով օրինական այնպիսի համակարգ, ուր կարելի պիտի ըլլայ օրինագիծերու միջոցաւ փակել խուսափումի ելքերը՝ ցեղասպանութիւն իրագործող կամ ցեղասպանութիւններու պատմական փաստը ուրացող պետութիւններուն առջեւ:
Յունաստանի մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար տարիներու նախանձախնդիր ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, կարելի եղած է բազմիցս գործակցութիւններ հաստատել ու շարունակել պոնտոսցիներու եւ ասորիներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Սինտաղմայի հրապարակին վրայ կազմակերպուած ոգեկոչական ելոյթի կեդրոնական բանախօսն էր Նիքոս Լիղերոս:
Դափնեպսակներու զետեղման արարողութեան յաջորդած է քայլարշաւ, դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, ուր Յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող յուշագիր մը յանձնուած է:


Համագործակցութեան այս ծիրէն ներս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ ընկ. Դաւիթ Պետրոսեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ ընկ. Գրիգոր Ճանիկեան ներկայ գտնուեցան անցնող Շաբաթ գիշեր Սինտաղմայի հրապարակին վրայ կազմակերպուած ոգեկոչական ելոյթին։ Նոյնպէս,  Իլիոնի քաղաքապետարանին մէջ, Ուրբաթ գիշեր տեղի ունեցած ելոյթին, ներկայ գտնուեցաւ ընկ. Գէորգ Աւագեանը, որ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ։ 

Ծաղկեպսակի զետեղում Թեսաղոնիկէի մէջ

Թեսաղոնիկէի մէջ եւս կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկներուն, ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Վարդգէս Գունտաքճեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց զոհերու յիշատակին։
Համագործակցութեան այս բոլոր նախաձեռնութեանց եւ ելոյթներուն ընթացքին միշտ շեշտուած է՝ թէ մարդկութեան դէմ գործուած այսպիսի ոճիրներու կանխարգիլման  միակ միջոցը՝ միասնական ու ամուր ռազմավարութեան մը որդեգրումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմակերպուած ու մէկ ճակատով դէմ կանգնիլ իր գործադրած ցեղասպանական ոճիրները  հետեւողականօրէն ուրացող Թուրքիոյ պետական ուժին դէմ: