Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն, տոկոսային յարաբերակցութեամբ, մարզերուն եւ Երեւանի մէջ ստացած է համեմատաբար հաւասարաչափ աջակցութիւն:
NEWS.am կը ներկայացնէ Հ.Յ.Դ.-ի արդիւնքները տոկոսային յարաբերակցութեամբ՝ ըստ մարզերու, նուազման կարգով (տոկոսային ցուցանիշը կը հաշւուի Մայիս 6-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ դաշինքին տրուած 100% «կողմ» ձայներով):
Վայոց ձորի մարզ – 6,79%
Գեղարքունիքի մարզ – 6,67%
Տաւուշի մարզ – 6,2%
Երեւան քաղաք – 6,18%
Արմավիրի մարզ – 6,16%
Արարատի մարզ – 5,38%
Լոռիի մարզ – 5,38%
Արագածոտնի մարզ – 5,37%
Սիւնիքի մարզ – 5,23%
Շիրակի մարզ – 4,73%
Կոտայքի մարզ – 4,72%
«Մեր ժողովուրդը պէտք չէ գործիք դառնայ այս իշխանութիւններուն համար»
11 Մայիսին կայացած Միասնական ղեկավարմար նիստին ընթացքին յայտարարութիւն կատարեց ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ զօրաւոր կերպով արմատ նետած է դրամի իշխանութիւնը, այդ պատճառով ալ՝ «բիւրոկրատիան յաղթեց դեմոկրատիային»:
«Ընտրակեղծիքների մեքենայ է գործում: 99 տոկոսով մեծամասնական ընտրակարգով յաղթել են նոյն մեթոտներով, փաստ է», հաստատեց Ռուստամեանը: Ան աւելցուց, որ հասած է հանգրուանը, երբ ժողովուրդը պէտք է սթափի եւ հասկնայ, որ կարելի չէ իշխանութեան ձեռքին գործիքի վերածուիլ։ Յիշեցնենք, որ մեծամասնական կարգով ՀՅԴի թեկնածուներէն յաղթած էր միայն մէկ անձ՝ Արայիկ Գրիգորեանը, թիւ 18 ընտրատարածքին մէջ, որուն սատարելու մասին յայտարարութիւն կատարած էր Հանրապետական կուսակցութիւնը:
Ռուստամեանի համաձայն, իշխանութիւնները չեն կրնար ժխտել այն իրողութիւնը, որ ընտրական կեղծիքներ տեղի ունեցած են։ Բայց եւ այնպէս, իշխանութիւնները պիտի փորձեն իրենք զիրենք արդարացնել, դիտել տուաւ Ռուստամեան։ «Եղել են, բայց չեն ազդել ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ: Որպէսզի փաստենք, որ ազդել է, չունենք հասարակական համապատասխան համակարգ»: Հակառակ այս բոլորին, դաշնակցական գործիչը կը շեշտէ թէ կը մնայ լաւատես: