Հայաստանի տարածքին երկրաշարժ տեղի ունեցած է: ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան սէյսմիկ պաշտպանութեան ազգային ծառայութենէն տեղեկացուեցաւ,
որ այսօր առաւօտեան ժամը 08:13ին, սէյսմոլոգիական ցանցի կողմէ 4 բալ ուժգնութեամբ երկրաշարժ արձանագրուած է, որու էպիկեդրոնը կը գտնուէր Գեղարքունիքի մարզի Շարժա գիւղէն 9 քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւելք (Սեւանայ լիճի մօտ):