«Ասք հայոց գինու մասին». այսպէս վերնագրուած է հայ գինեգործներու միութեան նախագահ Աւագ Յարութիւնեանի հեղինակած տեսանիւթը, որ լուրջ ուսումնասիրութիւն մըն է խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ աշխատութենէն քաղուած, մշակուած ու ամփոփուած մասեր, ուր պիտի հանդիպիք այնպիսի փաստերու, որոնք անկասկած, մէկ անգամ եւս առիթ պիտի ընծայեն հպարտանալու այն արժանիքներով, զորս մեր ժողովուրդը շնորհած է մարդկութեան:
Հայոց խաղողի եւ գինիի մասին առաջին գրաւոր տեղեկութեան կը հանդիպինք Հին Կտակարանին մէջ, ուր կը յիշուի, թէ Նոյեան Տապանը երբ Արարատի վրայ հանգչեցաւ‘ Նոյը սարէն իջնելով սկսաւ հողագործութեամբ զբաղիլ եւ այգի տնկել: Յետոյ պատրաստեց այնքան լաւ գինի, որուն գայթակղութեան չդիմանալով խմեց ու արբեցաւ:
Հազարամեակներ անց բուսականական եւ պատմական պեղումներէ գտնուած մնացորդներ փաստած են, որ խաղողը հայկական լեռնաշխարհի մէջ յայտնի եղած է Նոյէն միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Շռայլ թուացող այդ վկայութեան ապացոյցները Նախիջեւանի աղահանքի քարէ շերտերուն եւ Վայոց ձորի Եղէգիս գետի վերին հոսանքներուն լճային-կաւային նստուածքերու մէջ յայտնաբերուած խաղողի 4-5 միլիոն տարեկան բրածոյ տերեւի դրոշմներն են: Միայն Արեւելեան Հայաստանի մէջ նկարագըրուած մօտ 500 խաղողի մշակուած տեսակներու առկայութիւնը, աշխարհահռչակ շատ մը գիտնականներու հիմք տուած է եզրակացնելու, որ Հայկական բարձրաւանդակը եղած է մշակուած խաղողի ծննդավայրը եւ այնտեղ է, որ մերօրեայ խաղողը անցած է զարգացման իր երկար ճանապարհը ու դեռ 5-6 հազար տարի առաջ գեղեցկացած է եւ դարձած է հիւթեղ, քաղցր ու գինեբեր:
Նոյնպէս մեր ներկայ ու պատմական հայրենիքի տարբեր վայրերուն մէջ պեղուած, Քրիստոսէ առաջ VI-IV հազարամեակներուն թուագրուած խաղողի ածխացած կորիզները կը վկայեն, որ գինին առաջին անգամ պատրաստուած է նոյն տեղը, այն տարածքներուն վրայ, ուր հետագային կազմաւորուեցան առաջին հայկական ցեղախումբերը եւ պետութիւնները: Մարդկութիւնն ալ նախապատմական աշխարհի խաղողի եւ գինիի կեդրոնը վերապահեց Հայաստանին, իսկ Նոյը հռչակեց իբրեւ առաջին այգեպանն ու գինեգործը:
Հայասայէն մեզի հասած են խաղողի տեսքով ոսկեայ զարդեր, արծաթեայ անօթներ ու գաւաթներ եւ վերջապէս բազմաթիւ կաւէ ամաններ, որոնց մէջ գինի պահուած է: Այս իրեղէն ապացոյցները կը վկայեն, որ հեռաւոր այդ անցեալին գինին արդէն իր ուրոյն տեղը ունեցած է հայոց կենցաղին եւ հոգեւոր կեանքին մէջ:
Վանի կամ Արարատեան թագաւորութեան օրերուն արագ թափով զարգացած է երկրի տնտեսութեան հիմնական ճիւղը‘ խաղողագործութիւնը եւ գինեգործութիւնը:
Մօտ երեք հարիւր տարուան ընթացքին ողջ երկիրը պատուած է այգիներով: Հայաստանի ողջ տարածքով կառուցուած են հնձաններ, ու տնկուած են նոր այգիներ: Թագաւորները իբրեւ սիրոյ ու յաւերժութեան խորհրդանիշ այգիները անուանած են իրենց կանանց ու դուստրերուն անուններով, նոյնացնելով մէկ կողմէն‘ խաղողի պաշտպանութիւնն ու իրենց սիրելիներու պատիւը, միւս կողմէն՝ նոյն հարթութեան վրայ պահելով խաղողն ու երկրի անվտանգութիւնը: Օտար նուաճողներն ալ հայոց արքային յաղթելու եւ երկրին տիրելու որպէս ապացոյց‘ աւերած քաղաքներու կողքին հուրի մատնած են այգիներն ու աւերած մառանները, իսկ գերի ինկած զօրքին մէջ, ի թիւս բիւր զինուորներու, յիշատակած են նաեւ խաղողագործները:
Արարատեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանը ոսկէ դարեր եղած են ոչ միայն հայոց, այլեւ համաշխարհային գինեգործութեան պատմութեան մէջ:
Գինեգործութիւնը զարգացած է այնպիսի թափով ու ծաւալով, որ Վանի թագաւորութեան անկումէն նոյնիսկ հազարամեակներ անց, թշնամիներու հարիւրաւոր արշաւանքներէն ու աւերումներէն ետք, դեռ զգացուած է այն մեծ ներուժն ու ոգին, զորս հայոց արքաներն ու անոնց հպատակ ժողովուրդը դրած էին այդ հողին ու որթատունկին մէջ:
Աշխարհին աւելի զարմացուցած է հնադարեան ժամանակներու հայու հոգեւոր արժէքներու այն ուրոյն համակարգը, որ երբեք չէ առանձնացուցած իրարմէ խաղողն ու մայրութիւնը, այն դիցաբանութիւնը, որ ծնունդ տուած է պտղաբերութեան ու գինիի արարատեան աստծուն՝ Ուրուբանիին, որ ապագային կնութեան տրուած է գերագոյն աստծուն‘ Խալդիին: Ուրուբանի աստուածուհին ալ ստեղծած է օգնական աստուածներու խումբ մը: Այդ խումբի երեք աստուածութիւններն էին. առաջինը՝ Վազի էտի աստուածութիւնը: Հայաստանի հին բնակիչները համոզուած էին, որ կտրելով խաղողի շիւղը կը բացուէր գարնան դուռը, մէկ կողմ նետելով աւելորդ փայտիկը այգիէն ձմեռը կը հեռանար, իսկ զայն կրակի մէջ այրելով կ՛ոչընչացնէին չարը:
Մեր նախնիները բերքի տակ կքած ամանը նմանցուցած են յղի կնոջ, խշմարը՝ ընտանիքի հօր, իսկ աստուածութիւնն ալ այդ օճախը ամուր պահելու խորհրդանիշը: Երրորդը բերքահաւաքի աստուածութիւնն էր: Այս աստծուն ծննդեան օրը Օգոստոս 10-ն էր, խաղողի հասունացման եւ օրհնութեան օրը, զայն պաշտելու արարողակարգը ամէնէն կարեւորն էր հին հայոց մօտ: Պահն էր պատասխան տալու ոչ միայն անոր, այլեւ ցոյց տալու Խալդի գերագոյն աստծուն, որ ուղարկած արեւն ու անձրեւը, ողորմածութիւնն ու բարի կամքը արժանիօրէն ու անմընացորդ մարմնաւորուած են խաղողին մէջ, որ անոր սիրելի կնոջ Ուրուբանիի համար պատրաստ են արարողելու այն հրաշքը, որ կը կոչուի գինիի ծնունդ:
Քրիստոսէն առաջ հինգերորդ դարուն հայոց արքաները աստիճանաբար վերադարձուցած են երկրի երբեմնի փառքը, նուաճած‘ նորանոր հողեր: Հայկական պետականութեան վերականգնման եւ հետագայ մօտ հազար տարիներու ընթացքին անկախ եւ յաճախ հզօր պետութեան գոյութիւնը հիմք հանդիսացած են խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան զարգացման:
Յոյն գրող Քսենոֆոն գարեջուրի մասին իր յիշատակումէն բացի կը նշէ հայկական խաղողի ու գինիի մասին: Քրիստոսէ առաջ 400-401 թուականներուն՝ անցնելով Հայաստանէն, Քսենոֆոն հանդիպած է զարմանահրաշ «բուրաւէտ գինիներու»:
Բարեյաջող կարելի է համարել IX-XI դարերը: Բագրատունիներու անկախ պետութիւնը, երկարատեւ խաղաղ կեանքն ու բնական յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ նպաստած են տնտեսական կեանքի աշխուժացման: Վերականգնած են հին այգեստանները, տնկուած են նոր այգիներ, կառուցուած են նոր հնձաններ ու ջրանցքներ, քաղաքներու եւ իջեւանատուներու մէջ ծաղկած են գինետուները, ի յայտ եկած է խաղողատէրերու եւ գինեվաճառներու նոր դասակարգ:
1320-ական թուականներէն սկըսեալ, երբ մոնկոլները վերջնականապէս ընդունած են մահմետականութիւնը, դարձեալ աշխուժացած են տնտեսական կեղեքումները, որոնք զուգորդուած են կօնական հալածանքներով: Մոնկոլ-թաթարներու ապա թուրքերու դաւանած իսլամական կրօնքը պատերազմ յայտարարած է գինիին դէմ: Այդ ժամանակներէն ալ սկսած է հայոց խաղողի տեսականիի փոփոխութիւնը: Գինեբեր տեսակներու կողքին աւելի յաճախ յայտնուած է սեղանի խաղողը: Մեծ ուշադրութեան արժանացած են նաեւ ռուպ եւ չամիչ պատրաստելու համար նախատեսուած խաղողի տեսակները:
Իրավիճակը անընդհատ անկում կրած է մինչեւ 1604, երբ պարսից Աբաս շահը տեղահանած է հարիւր հազարաւոր հայեր եւ Հայաստանէն տեղափոխած է զանոնք Պարսկաստան: Ամայացած են գիւղերը, չորցած են այգիներն ու ցամքած՝ հնձանները:
Ինչ կը վերաբերի գինիի պատրաստման ձեւերուն, ապա հայերը արդէն IX դարուն ստեղծած էին իրենց ուրոյն գիտարուեստական համակարգը, որուն կանոնակարգող օրէնսգիրքը Ղեւոնդ Ալիշանը հրատարակեց XIX դարու վերջին «Գիրք վաստակոց» անունով:Այս գիրքին համաձայն միջնադարէն ի վեր խաչը ընկալուած է իբրեւ սրբազան առագաստ մը, որուն վրայ կը ճզմուի Քրիստոս-խաղողը: Հնձանի մէջ գինի դարձող խաղողը կը նմանի նաեւ հայ սուրբերու եւ մարտիրոսներու: Ի հակադրութիւն կրօնական ընդունուած կանոններուն՝ դրախտը նոյնացուած է խաղողի այգիին, կենաց ծառը՝ որթատունկին, իսկ աստուածային հիւրասիրութիւնը՝ խաղողի որթին տակ ընթացող ճաշկերոյթին հետ:
Ժողովրդական մեկնաբանութեամբ կեանքը կ՛ընկալուի իբրեւ խաղողի այգիի մէջ անցնող ժամանակ, իսկ ողկոյզներով ծանրացած որթատունկը՝ արքայի վարած ճշմարիտ քաղաքականութեան արդիւնք: Այգիին մէջ է, որ կենաց ծառի պտուղը կը վերածուի կենարար հեղուկի, իսկ երկրի պաշտպանութիւնը կը նոյնացուի այգիի պահպանութեան հետ, թշնամին՝ այգի ներխուժող արջի, իսկ հողագործը՝ հայ զինուորին հետ:
Նիւթը մշակեց՝
Նայիրի Մկրտիչեան-Տաղլան