Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մայիս 12-ին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան ընդունեց տարածաշրջանային այցելութեան ծիրէն ներս Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռոբերտ Պրատքին, Իկոր Փոփովը, Ժակ Ֆորը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիկը:


Է.Նալբանդեանը, խորհրդանշական համարելով ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի զինադադարի հաստատման 18-րդ տարեդարձի օրուայ զուգադիպութիւնը համանախագահներու Երեւան այցելութեան, նշեց, որ կրակի դադրեցումէն յետոյ անցած տարիներու ընթացքին կողմերը մի քանի անգամ հնարաւորութիւն ունեցած են մօտենալու հիմնախնդրի կարգաւորման, սակայն Ատրպէյճան ամէն անգամ ետքայլ կատարած է խոչընդոտելով համաձայնութիւնները: