Print
Category: Հայաստան-Արցախ

10 - 19 Մայիս 2012ին, Գիւմրիի մէջ կազմակերպուեցաւ աւանդութիւն դարձած «Վերածնունդ» փառատօնը, որ կը համախմբէ  աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդ կատարողներու, արուեստագէտներու եւ գիտնականներու ներկայութիւններ:

Երաժշտարուեստի բարձրաճաշակ գործեր ունկնդրելու, նոյն պահուն իրենց արուեստը ցոյց տալու եւ զարգացնելու իւրայատուկ առիթ է Գիւմրիի փառատօնը՝ երիտասարդ արուեստագէտներու համար, որոնք բեմ կը բարձրանան միջազգային մրցոյթ-փառատօնի կազմակերպման առիթով: Իսկ Գիւմրիի բնակիչներուն համար մեծ նշանակութիւն ունի արդէն չորրորդ անգամ կազմակերպուող այս գեղեցիկ փառատօնը:
Երիտասարդ արուեստագէտներու կատարողական տաղանդն ու արուեստը քննելու համար ճշդուած դատական կազմին մէջ էր յունահայ ծանօթ կիթառիստ եւ յօրինող Յակոբ Գոլանեանը, որու ջանքերով այս տարի փառատօնին մասնակցութիւն բերաւ յոյն արուեստագէտներէ բաղկացած կիթառի նուագախումբը, նուաճելով 2րդ դիրքը:
Այս առիթով կը հրատարակենք երկու մասնակից երիտասարդներու գրութիւնները, ինչպէս եւ Հրայր Քիւրքճեանի կողմէ իր տպաւորութիւններու եւ մտածումներու մասին յօդուած մը http://www.tar.gr/content/content.php?id=4024&fb_source=message :


Յունահայ ծանօթ կիթառահար Յակոբ Գոլանեան մաս կը կազմէ Երեւանի երաժշտանոցի դատական կազմին եւ Գիւմրիի փառատօնին ներկայ գտնուեցաւ ու ղեկավարեց յոյն արուեստագէտներու խումբը