Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած հանդիսութիւններուն շրջագիծին մէջ Ստեփանակերտ կը գտնուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ երէկ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց զինուորներու շիրիմներուն:
ՇՈՒՇԻ - լուսանկարը Հրայր Բազէ Խաչերեանի
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ ուրիշներ:
Շուշի մեկնելու ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահները, անոնց ուղեկցող անձերուն հետ, կանգ առին Շուշիի մատոյցներուն մէջ տեղադրուած զրահապատ յուշարձանին մօտ, որ 9 Մայիս1992-ին առաջինը մտած էր Շուշի քաղաք:
Այնուհետեւ նախագահները մասնակցեցան Շուշի քաղաքի «Հին այգի» կոչուող պուրակին մէջ կազմակերպուած ժողովրդական տօնախմբութեան:

Ստեփանակերտի մէջ նախագահներ Սարգսեան եւ Սահակեան
մասնակցեցան Շուշիի ազատագրման տարեդարձի տօնակատարութեանց
Այս օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի քան տօնական տրամադրութիւն կը տիրէ: Բազմաթիւ տօնական ձեռնարկներէն զատ այսօր կը սպասուի գլխաւորը՝ զինուորական շքերթը, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի Լեռնային Ղարաբաղի բանակի զինուորական ուժը:
Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակումէն ետք ասիկա պիտի ըլլայ թիւով չորրորդ զօրահանդէսը: Նախորդ երեք զօրահանդէսները նոյնպէս տեղի տեղի ունեցան 9 Մայիսին՝ համապատասխանաբար 1995, 1997 եւ 2007 թուականներուն, եւ նոյնպէս նուիրուած եղած են Շուշիի ազատագրման եւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ստեղծման տարեդարձներուն:
Հազարաւոր արցախցիներ ու հիւրեր կ'այցելեն Ստեփանակերտի յուշահամալիրը, այսօր, յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ Հայրենական եւ Արցախեան պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին։ Յուշահամալիր այցելեց նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պետական բարձրագոյն ղեկավարութիւնը:
Մեծ թիւով երիտասարդներ Ստեփանակերտէն քայլարշաւով ուղղուեցան Շուշի, ուր ծաղիկներ զետեղեցին Տանկ-յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին առջեւ։
Ժողովուրդը արդէն երէկուընէ սկսած է տօնական միջոցառումները, որ այսօր իրենց գագաթնակէտին կը հասնին: Շուշիի մէջ կազմակերպուած են ժողովրդային տարբեր միջոցառումներ՝ ազգային ծէսերով, նորաձեւութեան, Արցախի երեխաներու ձեռքի աշխատանքներու ցուցադրութեամբ, շուրջպարերով եւ այլն։
Տօնախմբութիւնները կը փակուին այսօր Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած զօրահանդէսով, ապա անկէ յետոյ տօնական համերգով, որ տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաքի մարզադաշտէն ետք: Գիշերը տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն: