Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրուցելով, իր դժգոհութիւնը արտայայտած է Կիրակի օր կայացած ընտրութիւններու արդիւնքներու կապակցութեամբ:


Ան դիտել տուած է, թէ ընտրութիւններուն «յաղթեց փողը», եւ «ընտրակաշառքը վճռորոշ ազդեցութիւն ունեցաւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ»:
«Ոչ թէ ընտրութիւններով արտայայտուել է ժողովրդի կամքը, այլ արձանագրուել են այն քուէները, որոնք ձեռք են բերուել ընտրակաշառքով», - դիտել տուած է Մարգարեանը:
Ըստ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի հրապարակած նախնական արդիւնքներուն, Դաշնակցութիւնը ստացած է ընտրողներու 5.72 տոկոսի քուէն՝ 86 հազարէ աւելի ձայն:
«Արձանագրուած արդիւնքներից գոհ չեմ, որովհետեւ մէկ անգամ եւս, կամ այս անգամ պատճառաբար, աւելի մեծ տոկոսով դրսեւորուեց, որ փողն է յաղթում քաղաքական ուժերին: Ես դրա համար ցաւում եմ, ցաւում եմ մեր ժողովրդի համար: Որովհետեւ այդ նոյն իշխանութիւնները, որոնք այս ժողովրդի թշուառութեան պատճառն են, նոյն այդ ժողովրդի թշուառութիւնից օգտուեցին իրենց իշխանութիւնը երկարաձգելու համար», - յայտարարեց ան:
Հրանդ Մարգարեանը չանդրադարձաւ ընտրախախտումներուն՝ նշելով. - «Այդ հարցը մեզ մօտ քննարկւում է: Եւ շուտով մենք պաշտօնական յայտարարութեամբ հրապարակ կը գանք»: