Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ իրենց ուրոյն մշակոյթի ներկայացման նուիրուած փառատօն:


Այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ աշխատաժողով մը, ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, որ  նուիրուած էր միջազգային եւ ազգային օրէնսդրութեամբ ամրագրուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ հասարակութեան շրջագիծէն ներս անոնց վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման:
Մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն վերաբերող փաստաթուղթերու ընտրանին, որը պատրաստուած է ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակին կողմէ՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Կառավարութեան Ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնի հարցերու վարչութեան հետ համատեղ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու վարչութեան պետ Վահրամ Կաժոյեանը դիտել տուաւ, որ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ նախարարութիւնը միջազգային ասպարէզի վրայ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ. «Դրա մէջ են մտնում Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները՝ անկախ կրօնական եւ ազգային պատկանելութիւնից: Մենք գիտակցում ենք, թէ ինչ դժուար է լինել ազգային փոքրամասնութիւն, քանի որ հայերն էլ դարերի ընթացքում անցել են դրա միջով»: Վահրամ Կաժոյեանը աւելցուցած է, որ կարեւոր է Հայաստանի մէջ   ազգային փոքրամասնութիւններու  մշակութային ժառանգութեան պահպանումն ու զարգացումը. «Նոյնը չենք կարող ասել մեր դրացի երկիրներու պարագային, որտեղ ոչնչացւում են հայկական յուշարձանները: Իսկ մեզանում 2006թ-ին կանգնեցուեց հրեաների Հոլոքոստին, վերջերս էլ՝ ցեղասպանութեան զոհ դարձած ասորիների յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ»:
ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի մարդոց իրաւունքներու ծրագրի ղեկավար Վլատիմիր Չունտուլովը իր կարգին նշեց, որ պետական մարմիններու եւ ՀՀ նախագահի աջակցութեամբ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին վերջին շրջանին մեծ կարեւորութիւն կը տրուի:
ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ազգային փոքրամասնութիւններու եւ կրօնի հարցերու վարչութեան պետ Վարդան Ասցատրեանը յայտնեց, որ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է իրականացուի ոչ միայն վերջիններիս, այլեւ հասարակութեան կողմից. «Կեանքի փորձն է ցոյց տալիս, որ իրաւունքն անհրաժեշտ է իմանալ: Մենք շարունակելու ենք հաղորդակցութիւնը ազգային փոքրամասնութիւնների ներկայացուցիչների հետ՝ պարբերաբար նրանց ներկայացնելով օրէնսդրական դաշտի փոփոխութիւնները»:
Ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն վերաբերող փաստաթուղթերու ծրարը հասանելի է նաեւ էլեկտրոնային տաբերակով՝ ԵԱՀԿ կայքէջին վրայ: