Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ երէկ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ:
Անոր կ՛ուղեկցէր Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի շրջանի յանձնախումբի համանախագահ Մարիօ Նալբանդեան: Ալմակրոն դիմաւորեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վահան Յովհաննիսեան, Լեւոն Մկրտչեան, Գէորգի Պետրոսեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները հիւրին ուղեկցեցան դէպի ՀՅԴ պատմութեան թանգարան, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան Լուիս Ալմակրոյին ներկայացուց ՀՅԴ-ի պատմութիւնը, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վերաբերող մասունքներ, ինչպէս նաեւ քարտէսին վրայ ցոյց տուաւ պատմական Հայաստանը՝ իր բոլոր ժամանակներու յայտնի սահմաններով: Այնուհետեւ ՀՅԴ պատասխանատուները հիւրին ծանօթացուցին արցախեան պատերազմի տարեգրութեան եւ ազատամարտիկներէն ոմանց կենսագրութեան:
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ տպաւորուած է իր տեսածով:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Լուիս Ալմակրոյի հանդիպումը: Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան ըսաւ. «Հայաստան եւ Ուրուկուէյ կը գտնուին հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռաւորութեան վրայ, բայց Ուրուկուէյ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար շատ մօտ եւ բարեկամ երկիր է: Ուրուկուէյ առաջին երկիրն է, որ տակաւին 1965 թուականին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պատահական չէ, որ ձեր պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան սկսաք նոյնինքն Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեամբ: Մենք շատ շնորհակալ ենք Ուրուկուէյի ժողովուրդին, Ուրուկուէյի ղեկավարութեան, որ բացած են իրենց դռները, ընդունած են Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցները, եւ Ուրուկուէյի մէջ կ՛ապրին հազարաւոր հայեր, որոնց համար այդ երկիրը երկրորդ հայրենիք դարձած է», ընդգծեց Նալբանդեան: