Հայաստանի մէջ երէկ 6 Մայիսի երեկոյեան, վերջ գտաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը: Գիշերուան ժամը 24:00ին, Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը (ԿԸՅ), Հայաստանի օրէնսգրքի համաձայն, սկսաւ հրապարակել ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:
Ըստ ԿԸՅի փոխանցած տուեալներուն՝ ամփոփուած են 1533 ընտրատեղամասերու արդիւնքները, ուր առաջատարը՝ ՀՀԿ-ն է:
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը սկսած է ներկայացնել արդէն իսկ հաշուարկուած տեղամասերու արդիւնքները ըստ կուսակցութիւններու։ Ժամը 10-ի դրութեամբ մշակուած 1873 ընտրատեղամասերու արդիւնքներուն հիմամբ՝ ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակից 9 քաղաքական ուժերու միջեւ ձայները բաշխուած են հետեւեալ ձեւով.-
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ 283.224 44.05%
ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 187.086 30.29%
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՈՆԳՐԵՍ 35.785 7.07%
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ 34.717 5.69%
ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ 30.321 5.78%
ՕՐԻՆԱՑ ԵՐԿԻՐ 27.903 5.48%
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՄՈՒՆԻՍՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ 5.736 1.07%
ՀԱՅԱՍՏԱՆՒ ԴԵՄՈԿՐԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ 1.838 0.36%
ՄԻԱՒՈՐՈՒԱԾ ՀԱՅԵՐ 1.141 0.21%
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ Ընտրութիւններու վերահսկողութեան միասնական շտապը ամփոփիչ յայտարարութիւն պիտի կատարէ, երբ ընտրութիւնները աւարտին։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանի թեժ գիծը ժամը 8։00-էն 17։00-ի միջեւ ստացած էր 160 ահազանգ:
Ընտրութիւններու մասնակիցներու թիւն էր 2.484.003 մարդ: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը ներկայացուցած է թուային տուեալները այս գծով. այդպիսով, Հայաստանի ամբողջ տարածքէն ներս, ժամը 20:00-ի դրութեամբ, քուէարկութեան մասնակցած է 1 մլն 559 հազար 627 ընտրող (ընտրողներու ընդհանուր թիւի 62.26%-ը):
Մայրաքաղաքի մէջ ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու ընդհանուր թիւի 59.53 %-ը, 484 հազար 522 ընտրութեան իրաւունք ունեցող քաղաքացի:
2007թ.-ին ԱԺ ընտրութիւններուն մասնակցած էր 1 մլն 319 հազար 939 ընտրութեան իրաւունք ունեցող քաղաքացի, ինչը կը կազմէ ընտրողներու ընդհանուր թիւի 57 %-ը:
2003 թուականին ԱԺ ընտրութիւններուն ընտրողներու մասնակցութիւնը կազմած էր 51%:
«Խիստ անարժանահաւտ թիւ» կը յայտարարէ Հանրային վերահսկման միասնական շտապը
«Ընտրութիւններու մասնակիցներու պաշտօնապէս հրապարակուած խիստ անարժանահաւատ թիւը միայն խորացնում են կասկածներն ընտրութիւնների օրինական ընթացքի վերաբերեալ»,-ընտրութիւններու աւարտէն 3 ժամ յետոյ յայտարարած է Հանրային վերահսկման միասնական շտապը:
Յայտարարութիւնը ընդունուած է ՀՅԴ-ի, ՀԱԿ-ի եւ ԲՀԿ-ի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կազ-մակերպուած նիստի ընթացքին: Շտապը անհրաժեշտ կը համարէ շարունակել համատեղ ջանքերը ընտրական գործընթացի, բողոքարկման եւ վերահաշուարկներու կազմակերպման ուղղութեամբ:
Ս. Մուկուչեան
Միասնական շտապի նիստին «Gallup»-ի կազմակերպած էքզիթ-փոլի արդիւնքներուն անդրադարձ չէ եղած, որովհետեւ այդ արդիւնքներու գծով շտապը չի կրնար լուրջ վերաբերուիլ:
«Եթէ մենք անարժանահաւատ ենք գտնում մասնակիցների թիւը, առաւել անարժանահաւատ են նման էքզիթ-փոլերի արդիւնքները»,- դիտել տուած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը՝ աւելցնելով, որ այդ տուեալները հասարակական կարծիք կամ տպաւորութիւն ստեղծելու ուղղուած են:
Ռուստամեանի կարծիքով՝ եթէ հարցուածներու 40 տոկոսը չէ մասնակցած հարցման, ապա ճիշդ պիտի ըլլար առհասարակ այդ տուեալները չհրապարակել:
Իր կարգին, ԲՀԿ-ական Վարդան Օսկանեանը վստահեցուցած է, որ հարցումը կատարած այդ կազմա- կերպութիւնը որեւէ հաւատ չի ներշնչեր:
Էքզիթ-փոլի տուեալներուն անդրադարձաւ նաեւ ՀԱԿ համակարգող Լեւոն Զուրաբեանը, նշելով, որ այդ «գելափային հարցումները» պատուիրուած են իշխանութեան կողմէ: Միակ նպատակը իրականութիւնը կեղծելն է, իսկ կեղծուած արդիւնքներուն ոչ ոք չի հաւատար, ըսած է Զուրաբեանը: