Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ռապըրթ Պրետթքի (ԱՄՆ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա) Շաբաթ, Ապրիլ 28ին հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով Արցախի հակամարտութեան շփման գիծին վրայ արձանագրուղ զինադադարի խախտումները, որոնք կը շարունակեն զոհեր խլել:

Կազմակերպութեան համացանցային կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
«ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները խորապէս անհանգստացած են հայ-ատրպէյճանական սահմաններու երկայնքին եւ շփման գիծին վրայ զինադադարի պայմաններու շարք մը խախտումներով, ինչպէս նաեւ զոհուածներու ու վնասներու մասին վերջերս տարածուած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:
«Նման դէպքեր կը խախտեն ուժ օգտագործելու ընտրանքէն հեռու մնալու եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու մասին կողմերուն համաձայնութիւնը եւ կը հակասեն Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներու՝ 2012ի Յունուար 23ի յայտարարութեան ոգիին:
«Համանախագահները կը դատապարտեն զոհերու առաջնորդող գործողութիւնները եւ կրկին կը յայտարարեն, որ հակամարտութիւնը չունի այլընտրանքային լուծում:
«Կոչ կ՛ընեն բոլոր կողմերուն, որ յարգեն զինադադարի մասին 1994ի պայմանագիրը եւ ձեռնպահ մնան պատասխան միջոցառումներէ»: