Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».-  Մարտունի քաղաքի Երեւանեան փողոցին մէջ փակցուած ՀՅԴ քարոզչական պաստառները պատռուած են:

Ըստ «Մարտունի Ինֆօ»ի, յստակ է, որ կատարուածը մանուկներու կողմէ եղած արարք չէ, որովհետեւ կիսով պատռուած պաստառներուն վրայ նկատելի է այն, որ պատռողներուն նպատակն էր կուսակցութեան անունն ու զինանշանը անհետացնել։
Բայց եւ այնպէս ոստիկանութեան Մարտունիի գրասենեակը ոչ մէկ ձեւով արձագանգած է օրէնքը խախտող այս արարքին:

www.arf2012.am