Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան  մտաւորականութեան հետ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներու հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս պատկերասփռուած բանավէճի կը հրաւիրէ ընտրութեան մասնակցող բոլոր կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու առաջին դէմքերը:


«Բոլորը՝ միասին, առանձին, սրահին մէջ, իրենք երկուքով՝ ես մինակ, դուրսը, ուր որ կ՛ուզեն: Ես պատրաստ եմ զանոնք դիմաւորելու եւ ապացուցելու, որ Դաշնակցութիւնը ճիշդ է եւ միշտ ալ ճիշդ եղած է: Եթէ գան՝ շատ լաւ, բայց ես կը վախնամ, որ այս հրաւէրին արձագանգող պիտի չըլլայ,  որովհետեւ իրենք նախօրօք յայտարարած են, որ չեն մասնակցիր բանավէճերու: Ի՞նչ պէտք է ըսեն ինծի, եթէ ես, օրինակ, հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ մեր տնտեսական վիճակը այսպէս է, ինչպէ՞ս պիտի պատասխանեն անոնք ինծի, եթէ հարցնեմ, թէ ինչո՞ւ գիտութիւնը չի ֆինանսաւորուիր այնպէս, ինչպէս պէտք է, եւ մեր կրթական համակարգը ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուի: Նախագահական անձնակազմէն խեղդած կը պահեն բոլոր լրատուամիջոցները, ի՞նչ պէտք է պատասխանեն՝ չեն կրնար պատասխանել ու անոր համար ալ պիտի չգան բանավէճի», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, որ եթէ ընտրապայքարի մտած կուսակցութիւնները իրենց նախընտրական արշաւը կը կատարեն մէկ հոգիով, ուրեմն մէկը չունին բանավիճող: Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ լաւ պիտի ըլլար, եթէ ցուցակներու առաջին դէմքերը բանավիճէին, ու բոլորն ալ այդ ամէնը տեսնէին, ինչպէս քաղաքակիրթ հասարակութեան մէջ պէտք է ըլլար, եւ կատարէին իրենց ընտրութիւնը:
ՀՅԴ համամասնական ցուցակով պատգամաւորութեան թեկնածու Աղուան Վարդանեան եւս իր կարգին յայտնեց, որ արեւմտահայ մշակութային ժառանգութիււնը պահպանելը Դաշնակցութեան գործը չէ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է: ՀՅԴ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ, երբ մտաւորականները բարձրացուցին սփիւռքահայ գրողներուն անհրաժեշտ ուշադրութիւն դարձնելու, արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտներ պատրաստելու հարցերը, այսպէս պատասխանեց Աղուան Վարդանեանը: Ըստ անոր, ատիկա պետութեան, կառավարութեան գործն է, եւ Դաշնակցական ծրագիրի մտածողութեան արդիւնքը պէտք է դառնայ պետութեան ուղղութիւնը: Դաշնակցական գործիչը նաեւ նշեց, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է ղեկավարէ մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան կամ այլ նախարարութիւնները, որպէսզի նոր դրուած այս հարցերը պետութիւնը իրականացնէ: Քաղաքական ուժը չի կրնար պետութենէն դուրս, առանձին զբաղիլ մշակութային գործունէութեամբ:
Աղուան Վարդանեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն ունի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որ հսկայական գործ կը կատարէ, ինչպէս նաեւ այլ ուղեկից կառոյցներ: «Բայց ատիկա ստիպուած կատարած է սփիւռքի մէջ, ուր մենք պետութիւն չենք ունեցած: Մենք այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն ենք, մի՛ մոռնաք: Մենք պետականութիւն ունինք, եւ այդ բոլոր աշխատանքները պետութեան ընելիքներն են: Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ Ազգային ժողովին մէջ, մեծ խմբակցութիւն պիտի ունենայ, պիտի պարտադրէ իր մտածողութիւնը, որ նաեւ արեւմտահայ մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելն է», ըսաւ Աղուան Վարդանեան: