Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ծիծեռնակաբերդը տարբեր պատկեր կը պարզէր 24 Ապրիլի օրը: Արդարեւ, բազմահազար ժողովուրդ՝ ծաղիկները իրենց ձեռքին, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն դիմաց խոնարհած գլուխներով կ՛ուղղուէին դէպի անմար կրակը, որպէսզի անգամ մը եւս ուխտեն հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ անմար պահել զայն իրենց սրտերուն մէջ:


Մարդոց ողողուած եւ պատուած էր համայն համալիրը: Առաւօտեան շատ կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ատեն Ծիծեռնակաբերդը իր գիրկը առաւ հայ եւ օտար մեծ թիւով անձեր, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ դիւանագէտներ: Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի  գլխաւորութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած ոճիրին՝ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Հոգեհանգստեան պաշտօն հոգեւոր դասին կողմէ եւ հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Բարձրաստիճան պաշտօնեաները գլուխ խոնարհեցին եւ վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին հայ ժողովուրդի 1.5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ծիծեռնակաբերդի մէջ կը գտնուէին օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:
Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան նախարարութիւններու, տարածքային կառավարման մարմիններու, պետական տարբեր կառոյցներու, քաղաքական ուժերու, օտար դիւանագէտներու, հաստատութիւններու կողմէ: