Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանեան  շարժապատկերի  միջազգային փառատօնը  սկսաւ համաշխարհային համբաւի տիրացած աստղերու  ներկայութեամբ


Անուշահամ ծիրաններու օրհնութեամբ՝ Ս. Զօրաւոր եկեղեցւոյ մէջ սկսաւ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի 8-րդ համաշխարհային փառատօնը:


Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահէն ներս: Կարմիր գորգին վրայ տողանցեցին հիւրերն ու հրաւիրեալները, հանրածանօթ ֆրանսուհի՝ Ֆանի Արտանի առաջնորդութեամբ:


Փառատօնի բացման ներկայ էին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնոյ ներկայացուցիչներ, աշխարհահռչակ դերասաններ, բեմադրիչներ եւայլն:
Ինչպէս նշած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, «Ոսկէ Ծիրան»-ը երեւանցիներուն կեանքը առաւել հետաքրքրական դարձնող իրադարձութիւն է: «Արդէն անհնարին է դարձել պատկերացնել ամառը՝ առանց այս փառատօնին, որը ստիպում է Երեւանին ապրել այլ տրամադրութեամբ»,- դիտել տուած է վարչապետը, աւելցնելով, որ կինոփառատօնը տարուէ տարի կը կատարելագործուի, իսկ կառավարութիւնը ջանք կը տանի փառատօնի շարունակութիւնը ապահովելու գծով: Փառատօնի կազմակերպիչները յոյս յայտնած են, որ 10-րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ նոր կառուցուող  փառատօնային կեդրոնէն ներս, որը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ շուրջ 1500 հանդիսատես ընդունելու: Աշխարհահռչակ դերասանուհի Ֆանի Արտանը համաշխարհային շարժապատկերի  զարգացման գործին մէջ իր ունեցած աւանդին  համար արժանացաւ Փարաջանովեան մրցանակի:
Փառատօնը սկսաւ  իրանցի աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ապաս Քիառուսթամիի «Վաւերացուցած պատճէնը» («Copie Conforme») ժապաւէնով, որ անցեալ տարի Քաննի փառատօնին մրցանակի արժանացած էր:

Ֆանի Արտանը կը խօսի իր նոր ժապաւէնի մասին

Հանրաճանաչ դերասանուհին մամլոյ ասուլիս մը տուաւ երկու օր առաջ, ուր անդրադարձաւ իր սիրած ժապաւէններուն մասին: Ան ըսաւ թէ կը սիրէ  ամերիկեան սիրիալները, քանի որ ինքն ալ նկարահանւած է ֆրանսական սիրիալի մէջ: «Ես կը հաւնիմ ամերիկեան սիրիալները, ուր խօսքի ազատութիւնը շեշտակիօրէն  դրսեւորուած է, քան ֆիլմերու մէջ»,- ըսաւ Արտանը:
Ան նշեց, որ շուտով ռուս հանդիսատեսներուն պիտի  յանձնուի իր դերակատարմամբ նոր ֆիլմ մը, որու նկարահանումները Ռուսաստանի մէջ կատարուած են: Դերասանուհին տեղեկացուց, որ ֆիլմը Ռասպուտինի մասին է, որու դերը կը մարմնաւորէ Ժերար Տըփարթիէն:
Ֆանի Արտանը «Ոսկէ Ծիրան»-ին կը մասնակցի  իր «Մոխիր եւ արիւն», «Բացակայ երազներ» երկու ֆիլմերով:

Աւելի քան 60 շարժապատկերի մէջ նկարահանուած դերասանուհին, «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ հայ հանդիսատեսին հետ: «Հրաշք դերասանուհի, որը ոչ միայն հմայիչ է, ոչ միայն տաղանդ է, այլ նաեւ շատ խելացի կին», ըսաւ իր մասին «Ոսկէ Ծիրան»ի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը, աւելցնելով. «Դա մեծ նուէր է հայ հանդիսատեսի համար»:
Փառատօնին նաեւ պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ այլ գործիչներ: «Գալու են իրենց ժապաւէնները ներկայացնելու հզօր բեմադրիչներ»:

Փառատօնի ծիրէն ներս, չորս անուանակարգերու մէջ պիտի ցուցադրուին հետաքրքրական, հեղինակաւոր փառատօներու մրցանակներ շահած շարք մը շարժապատկերներ:
Փառատօնը պիտի տեւէ մէկ շաբաթ եւ պիտի հիւրընկալուին  ծանօթ բեմադրիչներ, ինչպէս Ատոմ Էկոյեանը, Վիմ Վենտերսը, Սերժ Աւետիքեանը, եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Դարձեալ Թուրք Բեմադրիչներ Պիտի Մասնակցին «Ոսկէ Ծիրան»ին

ԵՐԵՒԱՆ.- Թուրքիոյ մէջ շարժապատկերի ամենայայտնի բեմադրիչներէն մէկը՝ Նուրի Պիլկէ Ճէյլան, ինչպէս նաեւ երիտասարդ մրցանակակիր բեմադրիչ Օզճան Ալփեր, Երեւան պիտի ժամանեն մասնակցելու համար «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին, որ պիտի մեկնարկէ Կիրակի ու պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս 17:
Փառատօնին ընթացքին, որ պիտի տեւէ մէկ շաբաթ եւ որուն պիտի մասնակցին նաեւ յայտնի այլ բեմադրիչներ, ինչպէս՝ Վիմ Վենտըրս եւ Ատոմ Էգոյեան, պիտի կայանայ թրքական շարժապատկերներու նուիրուած յատուկ ցուցադրութիւն:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ, փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեան ըսած է, թէ այս տարուան փառատօնի թեման «Մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկն» է: «Այս խորագիրը կարող է ծառայել մեզ համար որպէս մշակութային կամուրջներ կառուցելու եւ երկխօսութիւնն ամրապնդելու անշէջ «մանթրա»», ըսած է ան:
Յարութիւնեանի խօսքով, փառատօնի ծիրէն ներս պիտի ներկայացուի աւելի քան 160 շարժապատկեր: Ըստ անոր, անցեալ տարի թրքական 40 շարժապատկերները մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էին հայ հանդիսատեսին մօտ:
«Ընդհանուր առմամբ, թուրքական ֆիլմերի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծ է: Քաղաքական առումով, մարդկանց մէջ միշտ էլ տարակարծութիւններ են ի յայտ գալիս, որը պարզապէս անխուսափելի է: Սակայն մշակութային առումով, հայերը հետաքրքրուած են Թուրքիայում ընթացող զարգացումներով եւ ցանկանում են շփուել թուրք ժողովրդի հետ», ընդգծած է Սուսաննա Յարութիւնեան:

«Մենք ենք...»` առանց մեր սարերի

«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային կինոփառատօնի «Հայկական համայնապատկեր» անուանակարգում առաջադրուած՝  Դաւիթ Մաթեւոսեանի «Մենք ենք...» ֆիլմն արտացոլում է 1960-ական թթ. Հայաստանը:
Կինոփառատօնի ծրագրերի տնօրէն Վահագն Ստամբոլցեանի կարծիքով՝ «Մենք ենք...» ֆիլմը մի շարք ընդհանրութիւններ ունի փառատօնին մասնակցող մէկ այլ՝ Գագիկ Ստեփանեանի «Ի շրջանս իւր» ֆիլմի հետ, որը նոյնպէս, ինչպէս նշեց Ստամբոլցեանը, այդ ժամանակաշրջանի զարթօնքն է պատկերում:
Աշոտ Ադամեանի ու Դաւիթ Մաթեւոսեանի «Մենք ենք...» ֆիլմը պատմում է 40 տարի առաջ Հրանդ Մաթեւոսեանի, Հենրիկ Մալեանի, Խորէն Աբրահամեանի համագործակցութեան մասին «Մենք ենք, մեր սարերը» ֆիլմում:
Դաւիթ Մաթեւոսեանը, ով երեխայ ժամանակ խաղացել է այդ ֆիլմում, նշում է, որ ֆիլմի ժառանգորդը ոչ միայն հայ հասարակութիւնն է, այլ առանձին գիւղացիներ, որոնց մասին նկարահանուել է ֆիլմը. այն պատմում է իրական հերոսների մասին, ովքեր արդէն կենդանի չեն: «Ֆիլմի միջոցով ցանկանում էինք ցոյց տալ, թէ որքանով է այսօր արդիական «Մենք ենք, մեր սարերը» արտայայտութիւնը, կամ արդիակա՞ն է  այն, արդեօք»,- ասաց Դ. Մաթեւոսեանը:
Իսկ թէ ինչո՞ւ է պակասում վերնագրից «մեր սարերը», կարող էք իմանալ՝  դիտելով ֆիլմը:
«Ի շրջանս իւր» ֆիլմը պատմում է 20-րդ դարի  60-ական թուականներին հայ ժողովրդի ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքի գործում Մեծ Ե-ղեռնի զոհերի յուշակոթողի կառուցման կարեւորութեան մասին:
Ֆիլմի ռեժիսոր Գագիկ Ստեփանեանն է: Նա կարծում է, որ հնարաւոր չէ մի քանի բառով ներկայացնել, թէ ինչի մասին է ֆիլմը, հակառակ դէպքում՝  այն նկարահանելու անհրաժեշտութիւն չէր առաջանայ: Ռեժիսորը ֆիլմի միջոցով ցանկացել է անդրադառնալ Ցեղասպանութեան թեմային, քանի որ այդ թեմայով նկարահանած բոլոր ֆիլմերն իրեն չեն գոհացրել. բայց, արի ու տես, որ իր աշխատանքից նոյնպէս  գոհ չէ:


«Երկիր»

²Ýáõ߳ѳ٪ §àëÏ¿ ÍÇñ³Ý¦ ºñ»õ³ÝÇ Ù¿ç