Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մահացած է մանրաքանդակագործութեան հիմնադիր, երաժիշտ եւ ութսունիննամեայ գիւտարար Էդուարդ Ղազարեանը, որուն մանրաքանդակները  տարիներ շարունակ զարմացուցած են բոլորը, որովհետեւ անոնք իրենց փոքր չափերով  կրցած են զարկ տալ մարդկային երեւակայութեան:

Ան իսկական առասպել մըն է, որ աշխատած է այնքան փոքր նիւթերու վրայ, որոնց գծով նոյնիսկ բնագիտական օրէնքներ չեն կրնար բացատրութիւններ տալ։
Էդուարդ Ղազարեան 2002 թուականին Լոնտոնի արուեստներու ակադեմիոյ կողմէ հռչակուած է «Տարուան մարդ»ը, չորս անգամ իր աշխատանքով մուտք գործած է ռուսական «ԴԻՒՈՅ» մրցանիշներու գիրքը: Հակառակ աշխարհին մէջ ունեցած իր ճանաչումին, ան բաւական համեստ անհատականութիւն մը եղած է։ Ան միշտ ըսած է. «Երբ ուսումնասիրում եմ միքրոաշխարհը, զգում եմ՝ ինչ չնչին է իմ արածը Տիրոջ ստեղծածի համեմատ՝ մանրէներ, տիեզերք: Սակայն մէջս մի բան կայ, որ օգնում է հրաշքներ գործել»: Անոր հնարամտութիւնը անսահման է, ան աշխատանքներ կատարած է թուզի չորսի բաժնուած կորիզին, բրինձի հատիկի մէկ երրորդ մասին, մարդու մազին վրայ, նոյնիսկ փոշին ծառայեցուցած է իբրեւ հիմք՝ իր աներեւակայելի մտայղացումներուն համար:  Ասեղի անցքի մէջ կրցած է պատրաստել Փաքանինիի ոսկեայ արձանը՝ ջութակը ձեռքին, հոն նոյնիսկ նշմարելի է ջութակահարին դէմքը, իսկ տակը լատիներէնով գրուած է՝ Նիքոլօ Փականինի: Ան պատրաստած է Չարլի Չափլինը՝ իր նշանաւոր կեցուածքին մէջ, իսկ ձեռքափայտը՝ սարդոստայնի նուրբ թելէ։ Ղազարեանի մանրակերտները դժուարութեամբ կը բացատրուին եւ ընդհանրապէս մարդկային տրամաբանութեան հասանելի չեն: Իր ստեղծագործական երկար տարիներուն ընթացքին Էդուարդ Ղազարեան ստեղծած է մօտաւորապէս 1000 իւրայատուկ մանրաքանդակ: Անոր հիմնական նուաճումը մանրաքանդակութեան աշխարհին մէջ նոր ուղղութեան՝ շարժական մանրակերտներու ստեղծումն էր: Պարզ աչքով անտեսանելի մանրակերտները զարմանալիօրէն կը շարժին՝ երբեք նոյն շարժումը չկրկնելով: Այս աշխատանքները մինչեւ օրս անգերազանցելի կը մնան, հակառակ անոր որ շարժական մանրակերտներու ցուցադրութենէն աւելի քան երեսուն տարի անցած է։
Ան նաեւ տաղանդաւոր երաժիշտ է եւ ջութակի վարպետ-նորարար: Անոր շնորհիւ կրկին կեանքի կոչուած է Պախի մէկ յօրինումը, որ շուրջ 270 տարիէ ի վեր մոռացութեան ենթարկուած էր: Ան հիմնադրած է հնագոյն երաժշտական գործիքներու քառեակ, ստեղծած է 120 ռեզոնաթէօր ունեցող լարային երգեհոն, որ  նոր, անհաւատալիօրէն հարուստ ձայն ունեցող հզօր գործիք է: