Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 12 Ապրիլին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ Դանիոյ հիւպատոսութեան։
Դանիոյ թագուհի Մարգարէթ Բ.ը այս տարուան 2 Յունուարին Հայաստանի մէջ Դանիոյ պատուաւոր հիւպատոսի արտօնագիր տուած է Արման Փինարպասիին:


Նշենք, որ Դեկտեմբեր 2009ին Հայաստանի մէջ Դանիոյ թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած էր Մայլըք Պորկ-Եանսենը, որուն նստավայրը Քիեւի մէջ է:
Նորանշանակ պատուաւոր հիւպատոսը մեծ կազմակերպութեան մը մէջ գործադիր տնօրէնի պաշտօն կը վարէր։ 2010  թուականին արժանացած է Ֆրանսայի «Արժանիքի համար» ազգային շքանշանին: