Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն Յունուար-Մարտ 2012ին մեկնած են 164.9 հազար ուղեւորներ, ժամանած են՝ 138.7 հազար: Այդ մասին տեղեկութիւններ հրապարակած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Քաղավիացիայի գլխաւոր վարչութեան պաշտօնական կայքէջը:


Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանէն նոյն ամիսներուն մեկնած է 7700, ժամանած 5300 մարդ:
Այսպիսով, Յունուար-Մարտ ամիսներուն ընթացքին օդային ճամբով Հայաստանէն մեկնածներուն եւ ժամանածներուն միջեւ տարբերութիւնը 28.6 հազար հոգի է (մեկնած է 172.6 ուղեւոր, ժամանած՝ 144 հազար):
Նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն այս տարբերութիւնը  24.5 հազար էր (մեկնած էր 162.5 հազար, ժամանած՝ 138 հազար):