Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճանչցած է Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը՝ որպէս անկախ պետութիւն: Հարաւային Սուտանի անկախ պետականութեան հռչակումը ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի իրականացումն է եւ հակամարտութիւններու քաղաքակիրթ հանգուցալուծման եւս մէկ օրինակ:
Հարաւային Սուտանի մէջ երէկ տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան: Սուտանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ճանչցան Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը:
Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Սուտանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը` որպէս անկախ պետութիւն` 1956-ի Յունուար 1-ին որոշուած սահմաններով»: Հարաւային Սուտանի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կողմ արտայայտուած է տարածքը անկախ պետութիւն հռչակելու գաղափարին: Սակայն Հարաւային ու Հիւսիսային Սուտանի ներկայացուցիչները տակաւին չեն կարգաւորած նաֆթարդիւնաբերութենէն ստացուած շահոյթի բաշխման, սահմաններու վերջնական ծիրի, որոշ վիճելի տարածքներու հետ կապուած հարցերը: