Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, լրագրողներուն խօսելով երէկ, յայտնեց թէ թանգարանի նախաձեռնութեամբ շրջիկ ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին, որոնց միջոցաւ ամբողջ տարուայ ընթացքին աշխարհին պիտի ներկայացուին 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ իրագործած ոճրագործութեան փաստերը:


Թանգարանի տնօրէնը դիտել տուաւ թէ ցուցադրութիւններ պիտի իրականացուին Պէյրութի, Քոփենհակընի, Շուէտի, Լոս Անճելըսի մէջ: «Այս քաղաքները միայն այս տարուայ ծրագրին մաս կը կազմեն, իսկ յաջորդ տարուայ համար մենք տասնեակ այլ քաղաքներու մէջ եւս պիտի ներկայանանք»,- հաւաստիացուց Դեմոյեանը: Ան նաեւ նշեց, որ յաջորդ տարուայ մէջ ծրագրուած է  քառասուն քաղաքներու մէջ միաժամանակ կազմակերպել ցուցահանդէսներ,  տարբեր խորագրերով եւ տարբեր լեզուներով: «Սա է թանգարանի հիմնական ուժը. Ցեղասպանութեան մասին նոր նիւթերը շրջանառութեան մէջ դնելու անհրաժեշտութիւնը» ըսաւ ան։
Թանգարան-ինստիտուտը իւրաքանչիւր օր 3-5 միաւոր թանգարանային նիւթ ձեռք կը բերէ աճուրդներու միջոցաւ: «Շնորհիւ այդ աշխատանքին մենք արդէն կարողացած ենք «փրկել» չափազանց արժէքաւոր հաւաքածոներ»,- ըսած է ան։
Թանգարանի ցուցադրութեան երեք փակ եւ մէկ բացօթեայ ցուցասրահները կը գրաւեն  աւելի քան 1000 քառակուսի մեթր տարածք: Այդտեղ այցելուները հնարաւորութիւն ունին դիտելու մշտական կամ փոփոխուող ցուցադրութիւններուն։