Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Բազմամարդ, Եռանդուն  Հանրահաւաք

ՀՅԴ-ն քարոզարշաւի երկրորդ օրը սկսաւ քայլարշաւով: Յաղթանակի զբօսայգիէն ՀՅԴ ուսանողական եւ Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները, ազատամարտիկները եւ «Քուէն ուժ է» շարժման գործիչներն ու կուսակցութեան համակիրները քայլարշաւով հասան Մատենադարան, միացան այնտեղ հաւաքուածներուն եւ քալեցին դէպի Ազատութեան հրապարակ:


Ազատութեան հրապարակին վրայ կը գտնուէին ՀՅԴ-ի հանրահաւաքի մասնակիցները: Քայլարշաւին մասնակիցները նշեցին, որ դուրս եկած են պայքարի՝  յանուն արդար եւ ազատ ընտրութեան, որմէ կախեալ է Հայաստանի վաղուան օրը:
Երթին միացած ազատամարտիկներն ալ նշեցին, որ Արցախը ազատագրելէն ետք իրենց կռիւը չէ աւարտած, այժմ ալ պէտք է պայքարիլ երկրին մէջ՝ բազմաթիւ անարդարութիւններու դէմ: Իսկ պայքարի յաջողութեան գրաւականը արդար ընտրութիւններու կայացումն է, քաղաքացիին կողմէ իր քուէի ուժի գիտակցումը եւ անոր տէր կանգնելու պատրաստակամութիւնը:
Ըստ երթի մասնակիցներուն, չափազանց կարեւոր է, որ այսօրուան երիտասարդութիւնը կը գիտակցի պահի լրջութեան եւ  դուրս կու գայ փողոց՝ յանուն երկրին մէջ արդար ընտրութիւններու ճամբով  իշխանութեան ձեւաւորման:
ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունենալով զաւեշտ նկատեց իշխանութեան՝ փոխելու մասին կարգախօսները: Ըստ անոր, տարբեր բան է, երբ ատիկա կ՛ըսէ ընդդիմութիւնը, տարբեր բան՝ իշխանութիւնը, որ մինչեւ վերջերս կ՛ըսէր, թէ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ լաւ է:
«Եթէ լաւ է, ի՞նչը պէտք է փոխենք, իսկ եթէ վատ է, ինչո՞ւ ձեզի չփոխենք», հարց տուաւ Արմէն Ռուստամեան՝ նշելով, որ այս հանրահաւաքը պէտք է վերջ դնէ այն փարիսեցիութեան, որ գոյութիւն ունի Հայաստանի պետական համակարգին մէջ. մարդիկ այլ կեանքով կ՛ապրին, այլ ելոյթներ կ՛ունենան:
Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ անկարելի է նայիլ ժողովուրդի  աչքերուն մէջ եւ զայն համոզել. ժողովուրդը գիտէ, որ կացութիւնը վատ է եւ շատ վատ է:
Ան նշեց, որ բոլորին ամօթն է, որ հազարամեայ քաղաքակրթութիւն ունեցող ազգի ներկայացուցիչները  իրենք զիրենք ուրիշ պետութեան մէջ աւելի լաւ կը զգան, քան իրենց պետութեան մէջ:
Ըստ Ռուստամեանի, ասիկա ամօթ է, որ ոչ մէկ արդարացում ունի:
Դաշնակցական գործիչը յայտնեց, որ իշխանութեան ներկայացուցիչները մեծ-մեծ կը խօսին, հրաշքներ կը խոստանան, բայց երբ որ ընտրութիւնները վերջ գտնեն, ամէն ինչ կը մոռնան: Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը ընտրութիւններուն չի մասնակցիր սոսկ մասնակցութեան համար:
Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն միջոցով կ՛ուզէ ցոյց տալ այս վիճակէն դուրս գալու ճամբան:
Այս իմաստով պատահական ձեւով չէ ընտրուած Դաշնակցութեան այս ընտրութիւններուն կարգախօսը՝ «Ազատութիւն, արդարութիւն, դաշնակցութիւն»:
Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, «դաշնակցութիւն» բառը այս կարգախօսին մէջ կը նշանակէ ոչ թէ ՀՅ Դաշնակցութիւն, այլ՝ «դաշնակցիլ», առանց որուն անկարելի կ՛ըլլայ հասնիլ ամբողջական իշխանափոխութեան, որուն նպատակադրուած է ՀՅԴ-ն:
Նպատակադրուած է փոխել իրավիճակը, երբ քաղաքացին պետութենէն օտարացած է եւ կանգնած է «իշխանախումբի մը կողքին», որ իւրացուցած է ամբողջ պետական հարստութիւնը:
Խօսելով ամբողջական իշխանափոխութեան մասին՝ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Հայաստանի երեք նախագահներն ալ պէտք է հեռանան, սակայն միայն հեռանալը քիչ է, պէտք է վերցուի այն համակարգը, որ անոնց «ծնունդ տուած է եւ պահած է»:
Զանոնք հեռացնելու բանաձեւը Դաշնակցութիւնը կու տայ «Քուէն ուժ է» շարժումով:
Ա. Ռուստամեան նաեւ աւելցուց, որ եթէ այս ընտրութիւններուն Հայաստանի քաղաքացին չպայքարի իր ընտրական իրաւունքին համար, ապա պարտաւորուած պիտի ըլլայ հանդուրժելու իր բոլոր միւս իրաւունքներու խախտումները: «Ուժերը գումարելով՝ ստանանք համազօր ներկայութիւն, որով             ժողովուրդը իշխանութեան պիտի գայ», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:
Ան նաեւ անդրադարձաւ այն առաջարկին, որ նախանցեալ օր ներկայացուեցաւ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրի շնորհահանդէսին: Ատիկա է՝ անցնիլ նախագահական համակարգէն խորհրդարանական համակարգի: Բացի անկէ՝ իշխանութիւնը պէտք է կամք դրսեւորէ եւ ընդդիմութեան տրամադրէ վերահսկողական լծակներ՝ «իր ախորժակը  զսպելու համար»:
Դաշնակցական գործիչը շեշտեց, որ ասիկա դժուար ճամբայ է, բայց միակ ճամբան է: Ըստ անոր, ոչ մէկ փրկութեան ճամբայ դիւրին է, դիւրինը կործանման ճամբաներն են:
Այսպիսով Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ կազմակերպուիլ:

Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք արտասանեց նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ մասնաւորաբար ըսաւ.
«Բացարձակապէս ոչ չարախօսելով, այլ դժգոհութեամբ, ափսոսանքով եւ մեծ անհանգստութեամբ ենք արձանագրում, որ մարդիկ, աշխատանքի, ապրելու նուազագոյն պայմանների փնտռտուքով, յանուն իրենց ընտանիքների, լքում են նոյն այդ ընտանիքները, թողնում են իրենց հայրենիքը:           Դատարկւում են համայնքները, գիւղերը, սահմանամերձ շրջանները: Երիտասարդներ, որոնք մեծ յոյսերով դպրոց են գնացել, համալսարան են յաճախել, զինուորական ծառայութիւն են անցել, յետոյ յայտնւում են անօգնական վիճակում՝ չեն կարողանում կեանքի ասպարէզ մտնել, չեն կարողանում սեփական ոտքերի վրայ կանգնել եւ թողնում են ու հեռանում իրենց երկրից, անպաշտպան թողնում սահմանները, վտանգում հայրենիքը:
«Սրտի կսկիծով, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ու ընդվզումով ենք արձանագրում նաեւ, որ մեր երկրում ոչ միայն չի պակասում, այլեւ աճում է աղքատութիւնը: Այնինչ՝ մենք այլեւս պէտք չէ ունենայինք աղքատութիւն  երեւոյթն ընդհանրապէս: Ո՞վ պէտք է զբաղուի մեր քաղաքացիների համար աշխատանք ապահովելու հարցով, ո՞վ պէտք է աշխատող մարդու համար բարօր կեանքի պայմաններ ապահովի, ո՞վ պէտք է վերացնի զանգուածային արտագաղթի պատճառները, ո՞վ պէտք է ծրագրի եւ աշխատանք տանի, որպէսզի մեր երկրում չունենանք աղքատութիւն: Թւում է, թէ պատասխանը միանշանակ է՝ մարդկային հասարակութիւնը հաւաքական իր կեանքը կազմակերպելու, ուղղութիւն տալու, ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու, զարգացման պայմաններ ստեղծելու համար կերտել է պետականութիւնը, սակայն պետականութեան ուժ ու բովանդակութիւն են տալիս  պետական ղեկը ստանձնած իշխանութիւնները, իրենց գաղափարականութեամբ, յստակ արժէքային համակարգով ու ձեռներէցութեամբ: Մենք մինչ այժմ այդպիսի իշխանութիւններ չենք ունեցել»:
Հրանդ Մարգարեան աւելցուց ըսելով. «Մենք չենք ունեցել այդպիսի իշխանութիւններ, որովհետեւ բացակայել է արժէքային համակարգը: Մեր իշխանութիւնները, ցաւօք, ձգտել են մեր նորանկախ հայրենիքում ձեւաւորել հարուստների դասակարգ, դրամատէրերի դասակարգ, նրանք արել են ամէն ինչ, որպէսզի այդ դասակարգը աւելի ու աւելի հարստանայ, հերն էլ անիծած, թէ աղքատներն էլ աւելի չեն աղքատանայ, հերն էլ անիծած, թէ միջին խաւ մեզանում այդպէս էլ չի ձեւաւորուի: Արդիւնքում, այսօր ունենք այն, ինչ ունենք՝ բեւեռացած հասարակարգ, ուր մի կողմում մեծ հարստութիւնն իր մօտ կենտրոնացրած փոքրամասնութիւնն է, միւս կողմում՝ աղքատութեան շէմը չյաղթահարած մեծամասնութիւնը: Ուր մի  կողմում անօրինական մենատէրներն են, միւս կողմում՝ միջոցներից զուրկ սպառող հասարակութիւնը, ուր գերիշխում է չարչիական տնտեսութիւնը, ուր չկայ ներքին արդիւնաբերութիւն, իսկ երբ կայ, այն պաշտպանուած չէ չարչիական ոտնձգութիւններից:
«Հրապարակի վրայ  առկայ ուժերը, մասնակի բացառութիւններով, այս տնտեսական քաղաքականութեան հեղինակներն են, այս արժէքային համակարգի կրողները, նրանք իշխանութեան գալու դէպքում կարող են մի քիչ լաւ կամ վատ աշխատել, բայց մեր կեանքում, ժողովրդի կեանքի պայմաններում բան չի փոխուելու:
«Եւ ուրեմն այս անելանելիութեան մէջ ո՞րն է ելքը: Հին առասպելներում անելանելի վիճակում յայտնուած մարդիկ գնում էին իմաստունի մօտ: Մեր նոր առասպելում եւս եկել է իմաստունի մօտ գնալու ժամանակը: Նոր առասպելի իմաստունը հենց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, սիրելի՛ ժողովուրդ: Մեզ իմաստնացրել է  մեր երկար կենսագրութիւնն ու փորձը, մեր անսասան նպատակասլացութիւնն ու սկզբունքայնութիւնը, մեր հանդուրժելու ու չհանդուրժելու կարողութիւնը, մեր յարատեւ պայքարը՝ վերջապէս»:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է փոխել մեր կեանքը, մենք ենք, որ վերջ ենք դնելու այսօրուայ ապիկար տնտեսական քաղաքականութեանը: Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է բեկանել մեր կեանքում առկայ անարդարութիւնները: Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է տէր կանգնել անգործներին, վերջ դնել աղքատութեանը՝ մեր երիտասարդներին ամուր կապելով այս երկրի եւ այս երկրի ճակատագրի հետ, նրանց համար ապահովելով բարօրութիւն եւ զարգացում: Դաշնակցութիւնն է, որ կարող է մեր հասարակութեան մէջ ապահովել համերաշխութիւն: Դաշնակցութիւնն է այդ ուժը, որովհետեւ հաւատում է այլ արժէքային համակարգի, ուր տիրական է արդարութիւնն ու ազատութիւնը, իսկ ազգային արժանապատուութեան հիմքում ընկած է հայ մարդու անհատական արժանապատվութիւնը: Դաշնակցութիւնն է այդ կազմակերպութիւնը, որովհետեւ ազգային եւ ընկերվարական կուսակցութիւն է: Ընկերվարութիւնը բխում է մեր արժէքային համակարգից ու ազգային էութիւնից»:
Հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ Վ. Յովհաննիսեան, Ա. Վարդանեան, Գ. Մանուկեան, Ա. Մինասեան: Հետագային կ'անդրադառնանք անոնց  ելոյթներուն եւս: