Յունիս 29-ին Զուարթնոց պատմաճարտարապետական համալիրին մէջ պիտի մեկնարկէ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը, որուն կ’ակնկալուի, որ Սփիւռքէն մասնակցի մօտ 1000 մարդ:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ փառատօնի կազմակերպիչները մանրամասնեցին, որ ծրագրին մէջ պիտի ներկայացուին պարի, խմբերգի, անհատ կատարողներու, ինչպէս նաեւ տուտուկի համահայկական օրեր: Ընդհանուր առմամբ պիտի ըլլան աւելի քան 50 ձեռնարկներ:
Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագրերու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան պարզաբանեց, որ «Իմ Հայաստան» փառատօնը շարունակութիւնն է երկու տարին մէկ անգամ կազմակերպուող «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» փառատօնի, որուն հիմնադրամը լուծարուեցաւ:
Սակայն ի տարբերութիւն «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ»ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնը աւելի ծաւալուն պիտի ըլլայ թէ՛ ժամանակագրական, թէ՛ ժանրային եւ թէ աշխարհագրական ծաւալներով:
Ատոմ Մխիթարեանի խօսքով` փառատօնի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Սփիւռքի նախարարութեան, որուն պիտի մասնակցին նաեւ շահագրգիռ այլ կողմեր, ինչպէս օրինակ` Մշակոյթի նախարարութիւնը, Կրթութեան եւ գիտութեան նա- խարարութիւնը, Ոստիկանութիւնը եւ այլն:
Փառատօնի ծրագրային հիմնադրոյթները ներկայացուցած է կառավարութեան եւ արժանացած հաւանութեան:
Ատոմ Մխիթարեան նաեւ ըսաւ, որ «Իմ Հայաստան» փառատօնը կը ներառէ երկու փուլ: «Առաջինը գրողների համահայկական համաժողովն է, որը կևանցկացուի Ապրիլի 20-24-ը: Գրողների համահայկական համաժողովին Սփիւռքից ժամանելու է աւելի քան 70 գրող»,- ըսաւ ան: Իսկ արդէն հիմնական ծրագրերը, ըստ անոր, տեղի պիտի ունենան ամրան:
Ասուլիսին ներկայ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ղեկավար Սամուէլ Եարոյեան, իր հերթին ըսաւ, որ Սփիւռքէն կը սպասուի մօտ 1000 մասնակից, որոնք Հայաստան պիտի գան ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Արժանթինէն, Եւրոպայէն, Ռուսաստանէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Պուլկարիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Փառատօնի ղեկավարը նշեց, որ այս երկիրներէն արդէն յայտեր ստացած են, իսկ մասնակիցները յատկապէս պիտի ըլլան երիտասարդները:
«Փառատօնի ծրագրերը կը ներկայացուեն Հայաստանի մարզերում, Երեւանում, ԼՂՀ-ում, իսկ տօնախմբութիւնները կևանցկացուեն հիմնականում բացօթեայ»,- ըսաւ ան:
«Որեւէ մրցակցային տարր չկայ, սա աւելի շատ հայապահպանութեան խնդիր է, չնայած կևունենաք նաեւ դափնեկիրներ»,- ըսաւ Սամուէլ Եարօյեան` աւելցնելով, որ առաջին անգամ հրա- ւիրուած խումբերուն կազմակերպիչները պիտի ապահովեն սնունդով, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ կեցութեան վայրով:
Փառատօնի համար պետական պիւտճէէն յատկացուած է 84 միլիոն դրամ: