Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴաշնակցութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանէն խնդրեցին իրենց տրամադրել Հայաստանէն մշտապէս բացակայող, բայց ընտրացուցակներուն մէջ ընդգրկուած քաղաքացիներուն լիակատար ցանկը:


ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնեց,  որ երկրէն մշտապէս բացակայող, սակայն ընտրացուցակներուն վրայ ընդգրկուած քաղաքացիներուն վերաբերեալ հարցը ՀՅԴ-ն բարձրացուցած է տակաւին Ընտրական օրէնսգիրքի քննարկումներուն ժամանակ: Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն կը պահանջէր, որ հարցը պէտք էր սրբագրուէր Ընտրական օրէնսգիրքով, որպէսզի անոնք, որոնք բացակայ են, առանձնացուէին ցուցակէն:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն դիտարկման, որ ոստիկանութիւնը կը պնդէ, թէ չի տիրապետեր Հայաստանէն բացակայող քաղաքացիներու տուեալներուն, Ռուստամեան տարակուսեցաւ հարց տալով, թէ անոնք միւս տուեալներուն կը տիրապետեն եւ այդ տուեալներուն չե՞ն տիրապետեր: Ըստ անոր, անոնք իրենց պէտք եղած տուեալներուն կը տիրապետեն, իսկ պէտք չեղածներունը‘ ոչ:
ՀՅԴ ներկայացուցիչը նշեց, որ ոստիկանութեան յայտարարութիւնը իրենց հաւատք չի ներշնչեր, եւ յստակ է, որ ցուցակները ուռճացուած են: