Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի մէջ մթնոլորտը նախընտրական է: Աւարտած է արդէն խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու առաջադրման ժամկէտը: Համամասնական ընտրակարգով ընտրելի 90 պատգամաւորական աթոռներուն համար պիտի պայքարին 9 կուսակցութիւններ, «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» «Հայաստանի Հանրապետական», Հայ Ազգային Քոնկրես, Ժառանգութիւն, Օրինաց Երկիր, Հայաստանի Դեմոկրատական, Հայաստանի կոմունիստական, «Միաւորուած Հայեր» կուսակցութիւնները:


Յիշեցնենք, որ 2007ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մասնակցէին 22 կուսակցութիւններ
եւ մէկ դաշինք: