ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- 4 Ապրիլին Քաղաքագէտներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած լսումներէն ետք, որուն մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, ՀՅԴի, ՀԱԿի, «Ժառանգութեան» եւ «Ազատ դեմոկրատներ»ու ներկայացուցիչները, քննարկուած է միասնական հանրային ղեկավարման մարմին ստեղծելու հարցը:
Լսումներուն մասնակիցները այս մէկը ամրագրած են հռչակագիրով, որով պիտի արձանագրուի ընտրութիւններու վերահսկողութեան միասնական հանրային կեդրոնական ղեկավարման մարմին ձեւաւորելու համաձայնութիւնը: Այդ մարմինի անդամներ պիտի ըլլան լսումներուն մասնակից կուսակցութիւններու նախընտրական ղեկավարման մարմիններու անդամներու կազմէն մէկական ներկայացուցիչ:
Միասնական ղեկավարման մարմինին վրայ պարտք պիտի դրուի ձեւաւորել միջկուսակցական յանձնաժողովներ՝ ընտրացանկերու ստուգման, լուրերու հաւասար լուսաբանման, ինչպէս նաեւ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, համատիրութիւններու, ոստիկանութեան եւ միւս վարչական մարմիններու վերհսկողութեան յանձաժողովներու հետ գործելու համար:
Միասնական ղեկավարման մարմինի ձեւաւորման վերաբերող համաձայնութիւնը ստորագրեցին ԲՀԿն ներկայացնող Վարդան Օսկանեան, ՀՅԴն ներկայացնող Արմէն Ռուստամեան, «Ժառանգութիւն»ը ներկայացնող Ռուբէն Յակոբեան եւ ՀԱԿը ներկայացնող Լեւոն Զուրաբեան։ Անոնք աւելցուցին, որ այդ փաստաթուղթը բաց է Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն համամասնական ընտրակարգով մասնակցող մնացած քաղաքական ուժերուն համար:
ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան ձեռնպահ մնաց այս համաձայնագիրը ստորագրութելէ։
ՀԱԿի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան ըսած է, որ իրենք շատ լուրջ աշխատանք կը տանին, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ընտրական կեղծարարութիւնը իսկական սպառնալիք է, «մեր քաղաքական համակարգի գլխաւոր հիւանդութիւնը եւ չարիքը»:
«Պատրաստ ենք ցանկացած քայլ նախաձեռնել այդ չարիքը վերացնելու համար, իսկ այդ չարիքի հեղինակը Սերժ Սարգսեանի ռեժիմն է, ու այս սեղանի շուրջ հաւաքուած բոլոր ուժերը՝ բացի մէկից, շահագրգռուած են, որ ընտրութիւններն իրօք անցնեն ազատ եւ արդար, որովհետեւ այլապէս 10 տոկոսից աւել ձայն չի հաւաքի եւ իր իշխանութիւնը չի կարողանայ պահպանել» նշած է Զուրաբեան՝ ակնարկելով քննարկումներուն մասնակցող ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանին:
Ապա ան աւելցուցած է. «Ռեժիմն արդէն արել է քայլեր, որոնք ցոյց են տալիս, որ նա պատրաստ է մինչեւ վերջ գնալ կեղծիքների, բայց մենք էլ մինչեւ վերջ պատրաստ ենք պայքարել այդ կեղծիքների դէմ: Հայաստանում բնակչութեան քանակը գնալով պակասում է, իսկ ընտրողների քանակը գնալով աւելանում է: Այս փարատոքսի պատասխանը իշխանութիւնները չեն կարող տալ»:
Զուրաբեան նշած է նաեւ, որ այս հռչակագիրը թէեւ կատարեալ չէ, կարելի է զայն ամբողջականի վերածելու համար երկար քննարկումներ կատարել, բայց եւ այնպէս ատիկա ժամանակի կորուստ է։ Այս ըսելով եւ իրենց վճռականութիւնը ցոյց տալով՝ Լեւոն Զուրաբեանը անմիջապէս ստորագրած է այդ փաստաթուղթը:
Քննարկման մասնակիցներուն առաջարկուած է նաեւ ստորագրել ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանին ուղղուած փաստաթուղթը, որով կ՛առաջարկուի իրենց տրամադրութեան տակ դնել երկրէն մնայուն կերպով բացակայողներուն, բայց եւ այնպէս ընտրական ցանկերուն մէջ ներառուած անձերուն ցանկը։
Բոլորի ներկայութեան այդ փաստաթուղթը եւս ստորագրած է ՀՅԴի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: Վերջինս առաջարկած է նաեւ, որ վերոնշեալ հռչակագիրին միանան նաեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող ինը քաղաքական ուժերը եւս: «Մենք միասին սկսկում ենք վերահսկել ընտրական գործընթացը», ընդգծած է Ա. Ռուստամեան:
Միւս կողմէ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան մերժած է է ստորագրել թէ՛ մէկ, թէ՛ միւս փաստաթուղթերը՝ ընդգծելով, թէ իր մօտ կայ այն տպաւորութիւնը, թէ հաւաքին նպատակն է ժամանակաւոր կառավարութիւն ստեղծել։
Գ. Սահակեան նախ նշած է, որ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ընտրութիւնները վերահսկող կառոյց ստեղծել Ազգային ժողովին մէջ՝ աւելցնելով, որ նման փաստաթուղթեր ստորագրելէ առաջ պէտք է անոնք քննարկուին քաղաքական քոալիցային կողմէ:
«Որովհետեւ եթէ մեղաւորներ ենք փնտռում, ապա քաղաքական քոալիցիային պէտք է մեղադել կամ չմեղադել: Այդ պատճառով ես հիմա ձեռնպահ կը մնամ ստորագրելուց», յայտարարած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը:
«Բարգաւաճ Հայաստան»ը ներկայացնող Վարդան Օսկանեան եւս նկատել տուած է, որ միասնական ղեկավարման մարմին ստեղծելու մասին հռչակագիրի ոգին ընդունելի է ԲՀԿի համար: