Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Եւրոնեսթ»ի 3 Ապրիլի լիագումար նիստին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կոշտ ձեւակերպումներով ելոյթը ո՛չ միայն հայկական կողմին համար անընդունելի էր, այլ նաեւ՝ եւրոպացի պատգամաւորներուն համար: Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան արդէն այս առնչութեամբ գրաւոր բողոք ներկայացուցած է։


«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հայկական պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան յայտնած է, որ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն՝ հայկական  պատուիրակութիւնը պոյքոթի ենթարկելով՝ չէ մասնակցած Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահին կողմէ կայացած ճաշի ընդունելութեան։ Աւելի ուշ բացայայտուած է, որ ճաշին չեն մասնակցած նաեւ եւրոպացի պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը։
Հայկական պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանին կողմէ տրուած պատասխանին ընթացքին, ըստ Սահակեանի, Ալիեւ արդէն դահլիճին մէջ չէր, իսկ ատրպէյճանցի պատգամաւորները չեն արձագանգած:
«Ատրպէյճանցի պատգամաւորները շատ լաւ էլ հասկացան, որ մեզի համար էական չէ, թէ որ երկրի հարթակում ենք. մենք հնչեցնում ենք իրականութիւնը եւ համարժէք պատասխան կարող ենք տալ: Նրանք հասկացան, որ մենք բաւա- կան լուրջ եւ մարտական ենք տրամադրուած», նշած է ան։
Լարուած կացութիւնը փորձած են մեղմացնել եւրոպացի պատգամաւորները: Թէեւ անոնք համամիտ չեն եղած Ալիեւի անսպասելի ելոյթին եւ համարժէք նկատած են հայկական պատուիրակութեան պատասխանը, բայց եւ այնպէս փորձած են կիրքերը հանդարտեցնել՝ նշելով, թէ ելոյթ ունեցողը բոլոր պարագաներուն ալ երկրի նախագահն էր:
Սահակեանը դիտել տուած է, որ այս իրադարձութիւններէն ետք հայկական պատուիրակութեան ապահովութեան հսկողութիւնը շեշտուած է, լրագրողներուն արգիլուած է իրենց հետ կապ հաստատել, որովհետեւ ատրպէյճանական կողմին համար անախորժ են հայերուն կատարած յայտարարութիւնները։