Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքքի Թուոմիոյան:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց հիւրը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Սկանտինաւեան երկիրներու եւ մասնաւորաբար Ֆինլանտայի հետ համագործակցութեան զարգացումն ու յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդումը:


Ըստ նախագահին, Հայաստան բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ Ֆինլանտայի հետաքրքրութիւնն ու ջանքերը, շրջանի երկիրներուն եւ հիմնախնդիրներուն նկատմամբ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւնը:
Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքքի Թուոմիոյա գոհունակութեամբ  խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ֆինլանտայի միջեւ  երկկողմանի, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ աշխուժօրէն զարգացող յարաբերութիւններու մասին:
Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ համագործակցութիւնը:
Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքքի Թուոմիոյի  հանդիպումը:
Նախարարները գոհունակութեամբ արձանագրեցին համապարփակ համագործակցութիւնը զարգացնելու փոխադարձ շահագրգռութիւնը՝ ընդգծելով, որ անոր համար գոյութիւն ունին անհրաժեշտ քաղաքական կամք եւ լաւ նախադրեալներ:
Երկու նախարարները անդրադարձան Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան եւ այդ ձեւաչափին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէին Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:
Զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան շարք մը միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերեալ: Այս ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումները:
Յաջորդեց մամլոյ ասուլիս: