Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Նախագահ  Ալիեւը  չկրցաւ  դիմանալ...
Խախտելով  հիւրընկալութեան  կանոնները՝ հայերուն  դէմ կոպիտ  յարձակում  գործեց
Եւրոպացի հիւրերը անսահման զարմանք յայտնեցին

Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները եւրոպացի խորհրդարանականներու ուշադրութիւնը հրաւիրեցին անընդունելի ելոյթի ծալքերուն վրայ, բաց նամակ ուղարկեցին Եւրանեսթի բոլոր ներկայացուցիչներուն եւ բանաւոր կերպով հանդէս եկան բուռն բողոք արտայայտելով

Կովկասեան բարեհամբոյր ընդունելութեան մասին օտար հիւրերու բոլոր պատկերացումները ջնջեց  Ատըրպէյճանի  նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ ելոյթով հանդէս եկաւ Պաքուի մէջ  տեղի ունեցող Եւրանեսթի խորհըրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին:
«Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովին մասնակցող հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան երէկ Պաքուէն «Երկիր»-ին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Եւրանեսթ»-ի լիագումար նիստին ընթացքին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, անսպասելի ելոյթ մը ունեցած է:
Սահակեան ընդգծեց, որ նախագահ Ալիեւի ելոյթը բաւական կարծր շեշտադրումներով էր եւ յստակ էր, որ ելոյթը ուղղուած էր նաեւ եւրոպացի գործընկերներուն: Ըստ Հանրապետական կուսակցութեան գործիչին, Ալիեւ իր հին երգը կ՛երգէր, կը խօսէր «բռնագրաւուած տարածքներուն» մասին եւ կ՛ըսէր, թէ հայերը ֆաշիստներ են, Ցեղասպանութիւն իրագործած են, կիներ եւ երեխաներ սպաննած են: Ան աւելցուց, որ ելոյթը բաւական երկար էր եւ անսպասելի, քանի որ սկիզբէն ըսուած էր, որ «Եւրանեսթ»-ը այսպիսի ելոյթներու բեմ չէ:
«Եւրանեսթ»-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան՝ հակազդելով Ալիեւի հակահայ յայտարարութիւններուն, «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովին գրաւոր կերպով ներկայացուց հայկական պատուիրակութեան բողոքը:
Վեհաժողովի մասնակիցներուն բաժնուած փաստաթուղթին մէջ նշուած էր հետեւեալը.
«Ես կը ցանկայի ետ կանչել այն նամակը, որ ուղարկած եմ Բիւրոյի բոլոր անդամներուն մինչեւ «Եւրանեսթ»-ի երկրորդ լիագումար նիստը, որ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
«Ես փորձած եմ զգուշացնել Բիւրոյի բոլոր անդամներուն, որ այս վեհաժողովը կրնայ չարաշահուիլ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք յայտարարութիւններ կրնան ընել՝ վնասելով համագործակցութեան հիմնական ոգիին:
«Դժբախտաբար մենք Պաքուի մէջ ականատես եղանք այն փաստին, որ կը կանխատեսուէր. «Եւրանեսթ»-ի խորհըրդարանական վեհաժողովը վերածուեցաւ պատմութեան անբարեխիղճ ընթերցման եւ միջազգային իրա- ւունքի կողմնակալ մեկնաբանման վրայ հիմնուած հակահայկական քարոզչութեան դաշտի:
«Եւրանեսթ»-ի հայկական պատուիրակութիւնը իր խո-  րին դժգոհութիւնը կը յայտնէ Արրպէյճանի կողմէ հիւրընկալութեան արտօնութիւնները չարաշահման առնչութեամբ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք վեհաժողովին աւելի զգուշութեամբ ընտրելու կայացման վայրը, որպէսզի չհնչեն                     յայտարարութիւններ, որոնք կրնան ոչնչացնել փոխըմբռնման, համագործակցութեան ոգին, զոր մենք ձեռք բերած ենք բազմաթիւ խնդիրներ յաղթահարելով:
«Կը վախնամ, որ այդ խնդիրները կրկնուին»:
Հայկական պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ելոյթ ունեցաւ իբրեւ պատասխան Ալիեւի ելոյթին:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստան միացաւ «Եւրանեսթ»-ին՝ վստահ ըլլալով, որ Արեւելեան համագործակցութիւնը համայնք մըն է, որուն բոլոր անդամները ունին հաւասար պարտականութիւններ, սկզբունքներ, արժէքներ եւ կը յարգեն միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները եւ ազատութիւնը:
Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ Հայաստան միացաւ «Եւրանեսթ»-ին՝ վստահ ըլլալով, որ կարելի պիտի ըլլայ միացեալ ուժերով ստեղծել քաղաքական եղանակ, ուր կառուցողական երկխօսութիւններ տեղի պիտի ունենան՝ հիմնուած ըմբռնումի եւ յարգանքի վրայ:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, դժբախտաբար երէկ վեհաժողովը սկսաւ այնպիսի յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ոչ միայն կը բացակայէր իրավիճակի առարկայական նկարագրութիւնը, այլեւ ատիկա խոչընդոտ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար:
Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի անդամ, Լիլիթ Գալստեան անհանդուրժելի գտաւ այն հանգամանքը, որ իրեն կ՛ընդունին իբրեւ ֆաշիստ, անկախ անկէ, թէ ո՛վ  այսպիսի յայտարարութիւն կը կատարէ եւ յատկապէս՝ այն երկրին մէջ, ուր իրենց ընկերվար ընկերները կը ձերբակալուին, քաղաքական հայեացքներ ներկայացնելու պատճառով: