Երէկ Երկուշաբթի օր ՀՀ Ազգային Ժողովի որոշումով ընդունելի չդարձաւ Օսմանեան կայսրութեան մօտ պոնտոսի յոյներու, ասորիներու եւ այլ ազգերու ցեղասպանութեան դատապարտման մասին «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ներկայացուցած նախագիծը:
Միայն 17 պատգամաւորներ («Ժառանգութիւն» եւ Հ.Յ.Դ. կուսակցութիւններէն) քուէարկեցին խորհրդարանի օրակարգէն ներս այս օրինագիծը ներառնելու ի նպաստ: Հայաստանի իշխող Հանրապետական խմբակցութիւնը ներկայացնող անդամները, ինչպէս եւ մնացեալ իշխանամէտ ուժերը չմասնակցեցան քուէարկութեան, որ, ի վերջոյ, ձախողեցաւ բաւարար ձայներ չապահովելու պատճառով:
ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը բացատրութիւններ տալով այս հարցի մասին, ըսաւ որ նման օրինագիծ ընդունելու քաղաքական անհրաժեշտութիւն չկայ: Ան առաջարկեց նախ հարցնել Հայաստան ապրող ազգային փոքրամասնութիւններուն, եթէ անոնք կ'աջակցի՞ն այս նախաձեռնութեան, թէ՞ ոչ: Ըստ իշխանամէտ օրէնսդրի՝ «Հայաստանը Օսմանեան կայսրութենէն ներս տեղի ունեցածը միւս ժողովուրդների զանգուածային սպանութիւնների հետ միասին ընդունում է որպէս մէկ ամբողջութիւն եւ քննադատում է Հայոց ցեղասպանութեան պէս:
«Ժառանգութեան» պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը ըսած է, որ հայերը՝ որպէս ցեղասպանութեան զոհեր, բարոյապէս պարտաւորուած են յարգելու իրենց զոհերու յիշատակը: Անոր կուսակից Զարուհի Փոստանջեանի խօսքով՝ «ՀՀԿ-ի վրայ Թուրքիայի կառավարութեան ներգործութիւնն է ազդել»:
«Հայ-թուրքական արձանագրութիւնները դեռ օրակարգում են, իսկ մեր օրինագիծը տապալուեց: Սա մեր ժողովրդին վայել չէ»,- ըսած է Փոստանջեանը: