Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մանչ զաւակներու պաշտամունքի հիմերը

«News.am».- Այն ծնողները, որոնք կը պատրաստուին զաւակ ունենալ, որպէս կանոն կ՛օգտուին ժամանակակից թէքնիքագիտութեան ընծայած կարելիութենէն եւ մինչեւ ծնունդը, ստուգել պտուղի սեռը:

Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ հայ հասարակութիւնը «տղայապաշտ» է, ինքզինք յարգող ամէն այր «վիզ կը դնէ» անպայման մանչ զաւակ մը ունենալու համար (աղջիկ զաւակները հաշուի չեն առնուիր):
Յատկանշական է, որ որպէս կանոն, ընտանիքի հայրերը «մուննաթ» կուգան կիներու վրայ, երբ յայտնի կը դառնայ որ զաւակը իգական սեռի է, մոռնալով որ կենսաբանօրէն կինը զէրօ տոկոս դերակատարութիւն ունի զաւկի սեռը ձեւաւորելու հարցի մէջ (Կնոջ մօտ երկու «իքս» քրոմոզոմներ են, իսկ այրերու մօտ մէկ «իքս» եւ մէկ «իկրէք» քրոմոզոմ: Սերմնաբջիջները տարբեր քրոմոզոմներ կը կրեն. «իքս» քրոմոզոմով սերմնաբջիջները թոյլ կուտան աղջիկ երեխայ բեղմնաւորել, իսկ «իկրէք» քրոմոզոմով սերմնաբջիջները՝ մանչ երեխայ):
Կարելի է պատկերացնել այն ծնողներու, մանաւանդ հայրերու ուրախութիւնը, երբ համապատասխան սարքը կ՛աւետէ որ մանչ զաւակ լոյս աշխարհ պիտի գայ եւ այդ ալ այն ատեն, երբ մանչը կը ծնանի քանի մը քոյրիկներէն ետք:
Իսկ երբ նոյն այդ սարքի օգնութեամբ յայտնի կը դառնայ որ ընտանիքէն ներս լոյս աշխարհ պիտի գայ հերթական աղջիկ զաւակը, ապա, մեծամասնութեամբ ի գործ կը դրուի աւանդական մեթոտը՝ յղութեան արուեստական կասեցում, ձերբազատում երեխայէն: «Սեռ ստուգող սարք»ը այս պարագային պատուհաս կը դառնայ, ճամբայ բանալով որ Հայաստան, ուր ժողովրդագրական հարցեր առկայ են, ծնելիութեան համեստութիւնը պակսի եւ սեռային բնական հաւասարակշռութիւնը խախտի:
Այս մասին կը վկայեն նաեւ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալները, ըստ որոնց 2010-ին Հայաստանի մէջ ծնած են 23 հազար 886 հարիւր մանչ զաւակներ, մօտաւորապէս երեք հազարով աւելի քան աղջիկները, որոնց թիւը 20 հազար 924 հարիւր է:
Այս ցուցանիշով մտահոգ է նաեւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը: Հարաւային Կովկասի, մասնաւորաբար Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ տղայ երեխաներու թիւի գերա-կշռութիւնը քննարկումներու նիւթ դարձած է եւ այս առնչութեամբ Եւրոխորհրդարանի համապատասխան զեկուցողը 16 Յունիսին Երեւան գնաց: Եւրոպացի մասնագէտներ եւս, Հայաստանի եւ Կովկասեան միւս պետութիւններու մէջ աղջիկ եւ մանչ զաւակներու յարաբերակցութեան խախտումը կը կապեն «սեռ ստուգող սարք»ի հետ:
Հարցի առնչութեամբ «news.am»ի թղթակիցը հարցազրոյց մը ունեցաւ Հանրապետութեան ծննդաբերութեան գլխաւոր մասնագէտ Ռազմիկ Աբրահամեանի հետ, որ նշեց թէ այս հարցը միայն Հայաստանի մէջ չէ որ առկայ է:
«Բազմաթիւ երկիրներու մէջ այսպիսի հարց մը կայ: Իսկ Հայաստանի մէջ թուային ցուցանիշները այնքան ալ մտահոգիչ չեն ու հարցը պէտք չէ կապել թէքնիքագիտութեան զարգացման հետ», ըսաւ ան:
Ռազմիկ Աբրահամեան հաւաստիացուց նաեւ որ առողջապահութեան նախարարութիւնը Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հետ համատեղ կը պատրաստուի իրականացնել հետազօտութիւն մը, ուսումնասիրել մօտաւորապէս երեք հազար ընտանիքներ եւ պարզել թէ ի՞նչ համեմատութեան կը հասնին նորածիններու սեռային տարբերութիւնները: «Ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ այդպիսի հետազօտութիւն չէ կատարուած, որպէսզի պնդենք թէ մանչ զաւակներու ծնելիութեան բարձր միտում մը խնդրոյ առարկայ է», նշեց մասնագէտը:
Հայաստանի մէջ առկայ «տղայապաշտութեան» պատմական հիմերը պարզելու համար «news.am»ը զրոյց մը ունեցաւ Ազգագրութեան հիմնարկի մասնագէտներէն Արմենուհի Ստեփանեանի հետ: «Մանչ զաւակներուն նախապատւութիւն տալը կուգայ տակաւին աւատական ժամանակներէն, ուր ժառանգականութեան իրաւունքը կը վերապահւէր արական սեռին. տղան կը նկատուէր հօր ժառանգորդը, իսկ աղջիկ զաւակները հօր ժառանգութենէն անմասն կը մնային: Իսկ հասարակ գիւղացին, հողագործը մանչ զաւկին նախապատւութիւն կուտար, քանի որ մանչը կը դիտուէր որպէս աշխատող ձեռք՝ աջակցութիւն տունը կերակրող հօր: Եւ պատահական չէ որ աղջիկը կը նկատուէր տան ներսի պատ, քանի որ կը հեռանար հօրենական տունէն եւ իրենց հետ  օժիտ կը տանէր, իսկ տղան կը նկատուէր դուրսի պատ՝ հարսի բերածի շնորհիւ աւելցնելով տան ունեցուածքը եւ ժառանգ ապահովելով ընտանիքին», բացատրեց ազգագրագէտը:
Ան նաեւ նշեց որ ժամանակակից հասարակութեան մէջ եւս կը պահպանուի պատմական «ինէրսիա»ն, որ բնորոշ է ո՛չ միայն հայ, այլ նաեւ այլ ժողովուրդներուն:
Ի դէպ, «news.am»ի ուսումնասիրութիւնները պարզեցին որ սաղմի սեռի ստուգումը Հայաստանեան հաստատութիւններու մէջ կը տատանի 5-8 հազար դրամի միջեւ: Մասնաւորաբար «Էրեբունի» հիւանդանոցի մէջ սոնոկրաֆին ու զաւկի սեռի ծառայութեան սակագինը կ՛արժէ ութ հազար դրամ (սովորական ընդհանուր սոնոկրաֆին՝ 6 հազար դրամ), «Գրիգոր Լուսաւորիչ» հիւանդանոցի մէջ՝ 7 հազար դրամ, «Արմենիա» հիւանդանոցի մէջ՝ 6 հազար դրամ, Մանկաբարձութեան կեդրոնի մէջ՝ 5 հազար դրամ: Եւ այս կանխատեսումը կը կատարուի գրեթէ 100 տոկոս ճշմարտութեամբ: