Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան երէկ news.am լրատուական կայքէջի թղթակիցին յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի առաջին նախընտրական հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ 10 Ապրիլին՝ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ հանրահաւաքին, Սպարտակ Սէյրանեան նշեց, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մարզերուն մէջ: Զրուցակիցը չուզեց  ճշգրիտ ժամկէտ ճշդել:
Սպարտակ Սէյրանեան անտրամաբանական նկատեց այն հարցումը, թէ Դաշնակցութիւնը որքա՞ն մասնակից կ՛ակնկալէ իր հանրահաւաքին: Ան նաեւ դիտել տուաւ թէ կուսակցութիւնը  արդէն ճշդած ու բացայայտած է իր կարգախօսը, որ ինչպէս նախա-պէս յայտարարուած էր «Ազդատութիւն, Արդարութիւն, Դաշնակցութիւն» է:
Նշենք, որ ՀՅԴ-ի հանրահաւաքի կայացման մասին համապատասխան դիմումը արդէն ներկայացուած է Երեւանի քաղաքապետարանին յստակ ընտրուած վայրով՝ որ Ազա-տութեան հրապարակն է: