Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մարտ 26ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Վահան Յովհաննէսեան խօսած է 6 Մայիսին Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն եւ անոնց նկատմամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն ու ակնկալութիւններուն մասին։ Ան նաեւ պատասխանած է թղթակիցներուն հարցումներուն։


Վ. Յովհաննէսեան անդրադարձած է նաեւ այն երեւոյթին, որ այսօր թէեւ կայ յուսախաբութիւն, սակայն անկէ կարելի է դուրս գալ Դաշնակցութեան միջոցով, նաեւ շեշտելով, որ մինչ այլ քաղաքական ուժեր իրենց յոյսը կը կապեն արտաքին ճնշումներուն կամ ներքին հարցերուն, Դաշնակցութեան միակ յոյսը ժողովուրդն է։ Ըստ անոր, այդ պատճառով ալ ՀՅԴն միշտ առաջնահերթ կը նկատէ ժողովուրդին առնչուող ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծումը։
Ըստ Յովհաննէսեանի, ժողովուրդին մօտ կը տիրէ համատարած հիասթափութիւն, որ ժողովուրդին մօտ անտարբերութիւն կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ կ՛առաջնորդէ այն կացութեան, որ մարդոց մօտ շեշտուի դրամով քուէ տալու պատրաստակամութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Յովհաննէսեան աւելցուցած է, որ «բայց միւս կողմից էլ՝ հիասթափութիւնը վատ բան չէ, քանի որ հիասթափուածների համար կայ այլընտրանք, այն է՝ ՀՅԴն»: Ըստ անոր, այս մտավախութեամբ է, որ միջազգային կազմակերպութիւններ աւելի կը շեշտեն հսկողութեան եւ ժողովուրդին մօտ գիտակցութեան տարածման անհրաժեշտութիւնը։
ՀՅԴի նախընտրական ծրագիրին մէջ յատուկ կերպով շեշտը դրուած է ընկերային-տնտեսական ուղղուածութեան եւ առկայ հարցերու լուծման վրայ, նշած է ան՝ հաստատելով, որ Դաշնակցութեան ծրագիրը ասո՛վ կը տարբերի միւս կուսակցութիւններուն ուղեգիծէն։ Ան դիտել տուած է, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ակնկալէ այս ընտրութիւններուն ունենալ գէթ այնքան խորհրդարանական աթոռ, որքան ունի այսօր (16), սակայն քիչ հաւանական կը նկատէ իշխանութեան հետ քոալիցիոն կազմելը։
«Մեր ցուցակը տարբերւում է, դրական է: Բայց էլի կան ցուցակներ, որոնցում յաջող գիւտեր կան», ընդգծած է Վահան Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած, որ քոալիցիոն ուժերու ցանկերուն մէջ չկայ թարմութիւն, «նոյն չինովնիկներն են՝ իրար հետեւից շարուած»: «Ես չեմ հասկանում քոալիցիայի իմաստը, եթէ որեւէ ուժ հաւաքել է ձայների բացարձակ մեծամասնութիւնը: Եթէ դա նշանակում է պատասխանատուութիւնը սուաղել, լղոզել եւ մասամբ գցել ուրիշների վրայ, նման քոալիցիայում մեր տեղը չենք տեսնում», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Վահան Յովհաննէսեան:
Համեմատելով նախորդ՝ 2007 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ստեղծուած իրավիճակին հետ՝ Յովհաննէսեանի համաձայն, «այսօր կայ ինտրիկ. ոմանք յոյսերը դրել են արտաքին ճնշումների վրայ: Մարդիկ կան, որ յոյսը դրել են ներիշխանական հակասութիւնների վրայ, այն լուրջ հակասութիւնների, որ ընթանում են ԲՀԿի (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն) եւ ՀՀԿի (Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն) միջեւ: ՀՅԴն յոյսը դնում է ժողովրդի վրայ»:
«Ես չեմ ընդունում, որ Հայաստանի ներքին վիճակի բարելաւումը կապւում է արտաքին ճնշումների հետ, դա պէտք է լինի մեր հասարակութեան պահանջը, այլապէս կը դառնայ Ուքրանիա, որտեղ թւում էր, թէ յեղափոխութիւն կայացաւ, սակայն արդիւնքում տնտեսութիւնը կործանուեց, ու սկսուեց ռեաքցիա՝ երկիրը գցելով յաւելեալ ցնցումների մէջ»:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը անպատշաճ նկատած է այն, որ Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութեան ակնկալութիւններուն համար յոյսեր կը կապուին արտաքին աշխարհին։ «Հայաստանի ներքին վիճակի բարելաւումը, ընտրութիւնների որակի աճը, ընտրութիւնների աւելի թափանցիկ եւ արդար լինելը պէտք է դառնայ մեր հասարակութեան պահանջը»։ Յովհաննէսեան վստահ է, որ «դրսի ճնշումները երբեք ձրի չեն լինում, կարող է վճարուել մի գին, որի հետ մեր հասարակութիւնը համաձայն չէ»։
«Իսկ մենք յոյսը դրել ենք այն բանի վրայ, որ ժողովուրդը վերջապէս կը յոգնի թէ՛ արտասահմանեան ճնշումներից, եւ թէ՛ ներքին ներիշխանական ինտրիգներից ու իր ճակատագիրը կը վերցնի իր ձեռքը: Փոփոխութիւնների համար յոյսը պէտք է դնենք մեզ վրայ», ընդգծած է Վահան Յովհաննէսեան։
Ան դիտել տուած է, որ վերջերս խումբ մը քաղաքական գործիչներ, նոյնիսկ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ յոյս յայտնած են, որ արտաքին ճնշումներու աւելնալուն եւ Եւրոպական Միութենէն ակնկալուող շուրջ 1.5 միլիառ եուրոյի դրամաշնորհին շնորհիւ կրնայ ըլլալ, որ ընտրութիւնները չըլլան «այնքան խայտառակ, որքան նախորդ տարիներին»: Սակայն Յովհաննէսեան նման կարելիութիւն քիչ հաւանական կը նկատէ. «Գուցէ այդ ճնշումների ներքոյ իշխանութիւնները ստիպուած ձեւական քայլեր անեն, սակայն արդիւնքը կասկածելի է»:
Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը հաւատք չունի իշխանութիւններուն այն հաւաստիացումներուն նկատմամբ, թէ Հայաստանի մէջ «աննախադէպ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ» տեղի պիտի ունենան: Ըստ Վ. Յովհաննէսեանի,  «ընտրութիւնների լաւ կամ վատ անցնելը մեծապէս կախուած է ժողովրդի տրամադրուածութիւնից, սակայն այն ցուցակները, որ ներկայացուել են իշխանական, նաեւ որոշ ընդդիմադիր կուսակցութիւնների (նկատի ունի ՀԱԿ) կողմից, ցաւօք, յոյսեր չեն թողնում»:
Դաշնակցութեան ընտրացանկին մասին խօսելով՝ ՀՅԴի գործիչը նշեց, որ «ՀՅԴի ցուցակն ի սկզբանէ կազմուել է այն սկզբունքով, որ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ ներգրաւուած չլինեն, բացառութեամբ իրեն, այն էլ՝ հասկանալի պատճառով: Մեր յոյսը մեզ վրայ է»։

Հանրապետութեան 8 ընտրատարածքներուն մէջ Դաշնակցութիւնը առաջադրումներ պիտի կատարէ նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուց մեծամասնական ընտրակարգով ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածութիւնները: Ան յայտնեց, որ հանրապետութեան 8 ընտրատարածքներուն մէջ Դաշնակցութիւնը առաջադրումներ պիտի կատարէ նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով:
Ան նշեց, որ 8 ընտրատարածքներուն համար Դաշնակցութիւնը առաջադրած է Արթուր Եղիազարեանի, Կարլեն Գէորգեանի, Գուրգէն Շահինեանի, Մանուէլ Հայրապետեանի, Արայիկ Գրիգորեանի, Արտաշէս Նիկոյեանի, Զոհրապ Թորոսեանի եւ Գագիկ Գէորգեանի թեկնածութիւնները:
Ա. Ռուստամեան նշեց, որ առաջադրումներու ժամկէտը տակաւին չէ աւարտած եւ կարելի են որոշակի փոփոխութիւններ:
«Մենք այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք շատ յստակ քաղաքական նպատակներ իրականացնելու տրամաբանութեամբ, որուն մասին բազմիցս յայտարարած ենք: Դաշնակցութիւնը մէկ նպատակ կը հետապնդէ՝ հասնիլ երկրին մէջ ամբողջական իշխանափոխութեան, որ կը նշանակէ թէ՛ գործող  իշխանութեան փոփոխութիւն, թէ՛ համակարգային փոփոխութիւններ», նշեց Արմէն Ռուստամեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան իր կարգին պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ պատգամաւորութեան թեկնածու չէ առաջադրուած նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով, յատկապէս որ ան արդէն  յաջող փորձառութիւն ունի այս առումով:
Յովհաննիսեան խոստովանեցաւ, որ թէ՛ Արմէն Ռուստամեանի, թէ՛ իր պարագային այսպիսի խօսակցութիւն եղած է, բայց վերջաւորութեան յանգած են այն եզրակացութեան, որ անոնք, որոնք ցուցակը գլխաւորող եռեակին մէջ են, այդ ամբողջ ցուցակը  առջեւ տանելու խնդիր ունին:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, որ ՀՅԴ ցուցակը որքանո՞վ մրցունակ է եւ քանի տոկոս ձայն կը յաւակնի ստանալ Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին, ան նշեց, որ ընտրողը կ՛որոշէ, թէ Դաշնակցութիւնը քանի տոկոս պիտի ստանայ, եւ ընտրողը արդէն հասկցած է, որ ո՛չ մուկը բռնելու գործիքին մէջ դրուած պանիրի թարմութեան եւ ո՛չ ալ տարիներ շարունակ լսած խոստումներուն եւ սուտերուն կարելի է հաւատալ: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Դաշնակցութիւնը շատ լուրջ ակնկալիքներ ունի եւ յաղթանակի հասնելու տրամադրութիւնը ամբողջութեամբ հիմնաւորուած է:
Խօսելով մրցունակութեան մասին՝ ՀՅԴ պատասխանատու ընկերը առաջարկեց գնահատել կուսակցութեան ներկայիս խմբակցութիւնը, որ, ըստ անոր, Ազգային ժողովին մէջ ամէնէն աշխուժ, ամէնէն իրապաշտական եւ ամէնէն տրամաբանական ու ճիշդ օրէնքները ներկայացնող խմբակցութիւնն է:
«Ես վստահ եմ, որ յաջորդ խմբակցութիւնն ալ աւելի ազդու պիտի ըլլայ, որովհետեւ ցուցակին մէջ արդէն իսկ մրցակցութիւնը ապահովուած է: Աւելի՛ն. համոզուած եմ, որ ամէնէն յաջող եւ ամէնէն մրցունակ ցանկը մերն է եւ պատգամաւոր դառնալու ամէնէն արժանի մարդիկը մեր ցանկին վրայ կը գտնուին», նշեց կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ եթէ ցանկը շրջենք եւ վերջին թիւէն սկսինք, արժանիքներուն առումով որեւէ բան չի փոխուիր: