Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Սէուլի մէջ շարունակուող միջուկային անվտանգութեան նուիրուած գագաթնաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեծ թիւով երկիրներու ղեկավարներ:


Հարաւային Քորէայի նախագահ Լի Միունկ-Պաք երէկ ընդունած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, պաշտօնական ընթրիքին ժամանակ:

Սարգսեան - Ալիեւ հանդիպում կը փորձե՞ն կազմակերպել
Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան եւ Ռուսաստանը կը փափաքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպում կազմակերպել, SalamNews լրատու սպասարկութեան յայտնած է Թուրքիոյ ռազմավարական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի քաղաքական մեկնաբան Կիթներ Օզքանը: Ան ըսած է թէ «ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի լուծման համար Թուրքիա կը փափաքի հանդիպման բերել ատրպէյճանական, իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան՝ հայկական կողմը: Հանդիպման մասին նախապէս յայտարարած էր նաեւ «Ալ Ճազիրա»ն՝ որպէս միջնորդներ ներկայացնելով ԱՄՆի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Հիլըրի Քլինթընը եւ Ահմետ Տաւութօղլուն:

 

Էրտողան Եւ Օպամա Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցերը Քննարկած Են
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ Կիրակի օր տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերը:
Էրտողան լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Օպամային յիշեցուցի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եղած խնդիրները ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը 20 տարիէ ի վեր չի կրնար լուծել: Եւ որովհետեւ այս հարցը փակուղի մտած է, խորհուրդ տուի, որ մենք ատրպէյճանցիներուն հետ խօսինք, իսկ Մինսքի խմբակի երկիրները՝ Ֆրանսան, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, փորձեն Հայաստանը համոզել, որ այս խնդիրը լուծենք»:
Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր բանաձեւի մը առնչութեամբ:  Ան Օպամային կոչ ուղղած է ծերակուտականները, քոնկրեսականները եւ քաղաքական գործիչները «պատմաբաններու տեղ չդնելու»:
 Մինչ «Սապահ» կը հաղորդէ, որ հանդիպումը շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած է, «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը նշէ, որ այդ հանդիպումը 2 ժամ 15 վայրկեան տեւած է: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Կիպրոսի հարցերը:

Օպամայի Մատի Մէկ Շարժումին Հետեւանքները
Սէուլի հիւլէական գերաստիճանին ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետի հետ հանդիպման աւարտին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մատի նշանով մը իրեն մօտ կանչած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն: Ըստ թրքական «Հապեր 10» լրատուական կայքին, Օպամայի այս արարքը տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ հանդիսացած է Թուրքիոյ մէջ, ուր գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան գործիչները զայն Տաւութօղլուի համար նուաստացուցիչ համարած են, սակայն իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործիչներ յայտնած են, թէ արարքը «Օպամայի եւ Տաւութօղլուի միջեւ գոյութիւն ունեցող անկեղծութեան դրսեւորում մըն է»: