Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Հինգշաբթի, Մարտ 22ին, հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ: Յայտարարութեան մէջ կողմերը կոչ կ՛ընեն յաւելեալ ջանքեր գործադրելու Արցախի հարցը լուծելու նպատակով:

«Տարածաշրջանի նոր սերունդը խնդիրի լուծման շուրջ ամբողջական տեղեկութիւն չի ստանար, ինչ որ աւելիով կը խորացնէ պատերազմին վէրքերը: Այդ պատճառով, մենք կոչ կ՛ընենք երկիրներու ղեկավարներուն՝ ժողովուրդին պատրաստելու խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի, կարելի եղածին չափ արագօրէն աւարտելու աշխատանքը ու վերջնական որոշում մը ընդունելու՝ հիմնուելով Հելսինքեան սկզբունքներու վրայ, բացառելով ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը, յարգելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի, միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, որոնց շնորհիւ կացութիւնը պիտի փոխուի եւ տարածաշրջանին մէջ պիտի ստեղծուի աւելի ապահով եւ բարգաւաճ ապագայ մը», ըսուած է նախարարներ Հիլըրի Քլինթընի, Սերկէյ Լաւրովի ու Ալան Ժիւփէի համատեղ յայտարարութեան մէջ:
Անոնք նշած են նաեւ, թէ «արձանագրուած է յառաջընթաց դէպի խաղաղութիւն։ Մեր երեք նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնները՝  2009 թուականին լ՛Աքուիլայի մէջ, 2010 թուականին՝ Մուսկուայի եւ 2011 թուականին՝ Տովիլի, ուրուագծեցին համընդգրկուն խաղաղ կարգաւորման շրջանակի տարրերը։ Վերջերս՝ 2012 թուականի Յունւար 23-ին, Ռուսաստանի Սոչի քաղաքէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին, նախագահներ Ալիեւ, Սարգսեան եւ Մետվետեւ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս եկան, արտայայտելով Հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւնը արագացնելու՝ երկու կողմերու յանձնառութիւնը», - յիշեցուցին Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները։

Հայաստանի վերաբերող փաստաթուղթ՝ Եւրոխորհրդարանի կողմէ

Միւս կողմէ՝ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Հինգշաբթի, Մարտ 22ին վաւերացուցած է Հայաստանի վերաբերեալ փաստաթուղթ մը, ուր, ի թիւս այլ դրոյթներու, առաջարկուած է, որ Եւրոմիութիւնը փոխարինէ Ֆրանսային՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին մէջ:
Փաստաթուղթը ի զօրու դառնալու համար պէտք է վաւերացուի Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին կողմէ, սակայն մասնագէտները այս դրոյթին հաստատումը շատ հաւանական չեն համարեր: